ԳՈՂԹԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆ

Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբը վերջին օրերուն նշեց իր հիմնադրութեան տարեդարձը։ Կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններ տեղի ունեցան դպրաց դասու հիմնադրութեան 109-րդ տարեդարձին առթիւ։ Երէկ երեկոյեան, Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբի ուսումնարանի երդիքին տակ տարեդարձի առթիւ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ երգչախումբի անդամները, որոնց ուրախակից ըլլալու համար միացած էին նաեւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր գործակից ընկերները։ Տարեդարձի ընթրիքը անցաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ, բոլորը մօտալուտ Նոր տարուան պայմանաւորած տրամադրութեամբ իրարու հետ զրուցեցին անկեղծօրէն՝ փոխանակելով բարեմաղթանքներ։

Հուսկ, երեկոյթը իր աւարտին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր խօսքերով, որոնց ընթացքին ան բարձր գնահատեց Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբի հետեւողական ծառայութիւնը եւ բազմակողմանի գործունէութիւնը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2022