ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՆ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԿՈՂՄԷ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան երէկ ընդունեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Կարօ Վարժապետեանը եւ գործակից ընկերները։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Սարգիս Աւագ Քահանայ Գույումճեան։ Զրոյցի ընթացքին ատենապետ Կարօ Վարժապետեան տեղեկացուց, որ ընտրութիւններէն վերջ ստացած էին իրենց պետական վաւերացումը եւ Պատրիարքարան փութացած՝ ստանալու համար Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը։ Այս առթիւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն շնորհաւորեց թաղականներու ընտրութիւնը եւ գնահատեց անոնց ծառայութեան պատրաստակամութիւնը։ Յառաջիկայ շրջանի վերաբերեալ կարծիքի փոխանակումներէ վերջ, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը յաջողութիւն եւ կարողութիւն մաղթեց նորընտիր թաղային խորհուրդի ապագայ գործունէութեան համար։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2022