ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի կամաւոր հոգաբարձու Արթօ-Դալար Հորոզօղլու ամոլը, նաեւ տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանը։ Այս շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ դպրոցին ի նպաստ պիտի սարքուի սիրոյ սեղան, որու ընդառաջ պատասխանատուները ներկայացան Պատրիարքարան, ուր նորին սրբազնութեան փոխանցեցին զանազան տեղեկութիւններ։ Անոնք խնդրեցին, որ ընդհանուր փոխանորդը նախագահէ օրուան արարողութիւններուն։ Անմիջական զրոյցի ընթացքին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան բերումով եւ մանրամասն տեղեկութիւններ քաղեց դպրոցի ներկայ կացութեան շուրջ։ Մատաղօրհնութեան կազմակերպչական աշխատանքներու առընչութեամբ ալ նորին սրբազնութիւնը ստացաւ տեղեկութիւններ։

Զրոյցի աւարտին, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան գնահատեց դպրոցի պատասխանատուներուն կողմէ տարուած աշխատանքը եւ անոնց փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները։

Երեքշաբթի, Յունուար 22, 2019