ՄԱԺԱԿ ՉԱՔԸՐ ԵՒ ԳԱՌՆԻ ԱԹԸՆՉ ՀՐԱՒԻՐՈՒԵՑԱՆ «ALL-STAR 2019»ԻՆ

Շաբաթավերջին Աթագիւղի «Սինան Էրտէմ» մարզասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «All-Star 2019» պասքեթպոլի մեծ շոու մը։ Միջազգային օրացոյցի վրայ տեղ գտած ծրագիր մըն է այս մէկը, որուն այս տարի հրաւիրուած էին Շիշլի մարզակումբի նախկին աստղերէն Մաժակ Չաքըր եւ Գառնի Աթընչ։ Այս վերջինները արդէն կը դասուին պասքեթպոլի առասպելներու շարքին։ Նոյն առթիւ Թուրքիոյ Մարզական լրագրողներու միութեան Լեւենտի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ընթրիք մը, որուն եւս հրաւիրուած էին Մաժակ Չաքըր եւ Գառնի Աթընչ։

Շիշլի մարզակումբի մինչեւ 12 տարեկաններու պասքեթպոլի կազմի տղաքն ալ հետեւեցան «All-Star 2019»ին։

Երեքշաբթի, Յունուար 22, 2019