ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանը, որուն ընկերացաւ ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան։

Նկատի ունենալով, որ քորոնաժահրի համավարակի հետեւանքով Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շնորհաւորական հանդիպումները տեղի չունեցան՝ Սահակ Սարգսեան եւ Նաղաշ Յակոբեան Պատրիարքարան փութացին՝ տարեմուտի առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր բարեմաղթութիւններ յղելու նպատակով։

Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց այս քաղաքավարական այցելութեան համար եւ փոխանցեց իր օրհնութիւնները, յաջողութեան ու կարողութեան մաղթանքները՝ Հայաստանի ներկայացուցչութեան գործունէութեան համար։

Ուրբաթ, Յունուար 22, 2021