Ուրբաթ 9, Մայիս 2025
ՏԻԳՐԱՆ ՄԱՏՈՒԼԵԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Հայաստանէն յայտնի նկարիչ Տիգրան Մատուլեան երէկ ցուցահանդէս մը բացաւ Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի աւագ հիւպատոսութեան մշակոյթի կեդրոնին՝ Պէյօղլուի «Շիշմանոկլիօ» ապարանքի երդիքին տակ։ Սա նկարչի առաջին անհատական ցուցահանդէսն է Թուրքիոյ մէջ։ Ձեռնարկը կազմակերպուեցաւ «Փարոս» ամսագրին կողմէ, ի նպաստ Գալֆաեան Տան։
Գեղարուեստասէրները մօտիկ հետաքրքրութիւն ցոյց տուին ձեռնարկին նկատմամբ, որու այցելուներու շարքին էր Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Հինգշաբթի, Փետրուար 22, 2018
Թրքահայ կեանք
- 05/09/2025