ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՈԳԵՒՈՐ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Դպրոցի զանազան դասարաններէն աշակերտներ մասնակցութիւն բերին օրուան յայտագրին եւ իրենց յաջող ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու։

Տնօրէնուհի Անիթա Թումայեանն ալ հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին շնորհաւորեց բոլոր աշակերտները եւ հանդէսը կազմակերպած կրթական մշակները։

Շաբաթ, Փետրուար 22, 2020