«ԿՈՐՍՏԵԱԼ ԹՌՉՈՒՆՆԵՐ»ՈՒ ՄԱՍԻՆ ԱՍՈՒԼԻՍ՝ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ
Յառաջիկայ Ապրիլի 1-ին Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ պիտի ցուցադրուի «Կորստեալ թռչուններ» անուն ժապաւէնը, որուն հետաքրքրութեամբ կը սպասէ շարժանկարի աշխարհը։ Հայկական հարցին վերաբերեալ ստեղծագործութիւն մըն է այս մէկը, որու համահեղինակներն են Առէն Փերտէճի եւ Էլա Ալեամաչ։
Առաջին ցուցադրութեան նախօրեակին, վերջերս Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ ասուլիս մը կազմակերպուեցաւ Առէն Փերտէճիի եւ Էլա Ալեամաչի հետ։ Միութեան վարչայիններէն Սեւան Աթաօղլու վարեց այս ասուլիսը, որու ընթացքին Փերտէճի եւ Ալեամաչ անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուեցին գեղարուեստասէրներու հետ։
Ձեռնարկի աւարտին միութեան վարչութեան կողմէ սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին եւս շարունակուեցաւ ջերմ զրոյցը։