Ս. ԶԱՏԿԻ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ծնողաց միութիւնը երէկ կազմակերպեց հետաքրքրական ձեռնարկ մը, որ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց դպրոցի աշակերտութեան մօտ։ Այսպէս, թաղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ Ս. Զատկի տօնին ընդառաջ, ծնողաց միութեան անդամուհիները առիթ ընձեռեցին, որպէսզի տղաքը պատրաստեն տօնին բնորոշ ուտեստեղէններ՝ չէօրէքներ, խմորեղէններ եւ հաւկիթներ։ Ժանէթ Արծիւեանի կողմէ գլխաւորուած ծնողաց միութիւնը նախապէս կազմակերպչական բազմակողմանի աշխատանք մը տարած էր՝ նոյնիսկ յատուկ գոգնոցներ պատրաստելով աշակերտներուն համար։ Առաջին փուլին նախակրթարանի փոքրիկները, իսկ աւելի վերջ միջնակարգի տղաքը այս հաճելի ծրագրին մասնակցեցան իրենց հայերէնի ուսուցիչներուն հսկողութեան ներքեւ։ Անոնք մէկ կողմէ խմոր բանալով պատրաստեցին չէօրէքներ եւ խմորեղէններ, իսկ միւս կողմէ ներկեցին զատկուան հաւկիթներ։ Ծնողաց միութեան անդամուհիներն ալ հսկեցին անոնց տարած աշխատանքը։ Սրահ փութալով աշակերտներուն անակնկալ մը մատուցեց նաեւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որ փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու գնահատանքը։ Աշակերտներու պատրաստութիւններէն վերջ ծնողաց միութեան անդամուհիները փուռի մէջ եփեցին տղոց պատրաստած չէօրէքներն ու խմորեղէնները, մինչ արդէն հասած էր համտեսի պահը։