ԶԵՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՓՈԽ-ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒԻ ՀԵՏ

Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան նախընթաց օր այցելեց մայրաքաղաք Անգարա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Փոխ-վարչապետ Հաքան Չավուշօղլուի հետ։ Զեքիեան Գերապայծառին ընկերացան Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի մատակարար մարմնի ատենապետուհի Ռիթա Նուրնուր եւ իրաւաբան Էօմէր Քանթիք։

Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, հանդիպման ընթացքին զրոյցի հիմնական նիւթն էր Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի կացութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, դպրոցի շէնքի սեփականութեան իրաւունքին վերաբերեալ խնդիրները երկար ժամանակէ ի վեր կը զբաղեցնեն օրակարգը՝ մտահոգութիւններու տեղի տալով ապագայի համար։ Վաքըֆներու գծով պատասխանատու փոխ-վարչապետը այս իրավիճակին մէջ վերահասու դարձած է Զեքիեան Գերապայծառի եւ ընկերակիցներու մօտեցումներուն։ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ ու տնօրէն Գարեգին Պարսամեան մեզի յայտնեց, որ հանդիպումը անցած է ջերմ մթնոլորտի մը մէջ, փոխ-վարչապետը ցուցաբերած է դրական վերաբերմունք ու խոստացած՝ իր կարելին ընել այս հարցին լուծում մը ապահովելու նպատակով։ Զեքիեան Գերապայծառ եւ իր ընկերակիցները լաւատեսութեամբ վերադարձած են մայրաքաղաքէն։ 

Հինգշաբթի, Մարտ 22, 2018