ՍԻՊԻԼ ԱՆՑԱՒ ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅԷՆ

Ուրուկուայի «Ռատիօ Արաքս»էն կը տեղեկացնեն.-

Հայ ժողովուրդի տաղանդաւոր զաւակներ Կոմիտասի եւ Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակի առիթով, անոնց ասոյթներով համեմուած խօսքով Մոնթէվիտէոյի «Սիթառոսա» սրահին մէջ, աւելի քան 400 հանդիսատեսներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Արաքս ռատիօժամի յոբելենական համերգը:

Անգամ մը եւս ռատիոյի տնօրէն Տիէկօ Գարամանուկեանի, Մարիանա Գարամանուկեանի եւ Յովհաննէս Պոտուքեանի ռատիօհաղորդման նման վարուած համերգը ողջունուեցաւ հանդիսատեսներու բուռն ծափահարութիւններով ու ոգեւորող քաջալերութեամբ: 12-րդ տարեդարձը տեղի ունեցաւ պոլսահայ երգչուհի Սիպիլի ներկայութեամբ: Հարաւային Ամերիկայի մէջ շրջակայութիւն կատարող երգչուհիի հետ համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ տեղւոյն արուեստագէտները: Մաէսթրօ Ալվարօ Յակոբեանի տեղական ուժերով կազմած նուագախումբը, որուն միացաւ տուտուկահար Էտկար Մարգարեան անգամ մը եւս արթնցուց հանդիսատեսներու հիացմունքը: Սիպիլի հանրաճանաչ տաղանդի միացան նաեւ երիտասարդ եւ տաղանդաւոր երգչուհի Նեկտար Միրակեան եւ Պուէնոս Այրէսէն ժամանած պարուհի Տեւորա Պալաեան:

Սիպիլ Արաքս ռատիօժամի հրաւէրով Մոնթէվիտէօ ժամանեց մարտի 16-ին, Քորտովայի եւ Պուէնոս Այրէսի մէջ սարքած համերգներէն ետք:

Քաղաքի տեսարժան վայրերն ու հանրայայտ Արմենիա հրապարակը այցելելէ վերջ, այդ երեկոյ, ՍԴՀԿ-ի կենդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ առաջին հանդիպումը՝ ուրուկուայահայութեան հետ: Ջերմ մթնոլորտի մը մէջ երգչուհին պատմեց պոլսահայ համայնքի եւ իր գեղարուեստական կեանքի մասին, թէ ինչպէ՛ս կրցաւ հասնիլ այն կարեւոր նպատակին, որն է Թուրքիոյ մէջ եւ թուրք ունկնդիրներու համար տարածել հայ երգը: Ապա ներկաները կրցան անձամբ զրուցել եւ լուսանկարուիլ երգչուհիին հետ:

Կիրակի առաւօտեան Սիպիլ ներկայ գտնուեցաւ Ս. Ներսէս եկեղեցւոյ արարողութիւններուն: Իր խնդրանքով՝ այդ օր հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ Պոլսոյ երանաշնորհ Մեսրոպ Մութաֆեան Պատրիարքի յիշատակին, անոր մահուան առիթով: Հաւատացեալները ունկնդրեցին անոր կատարմամբ Տէր ողորմեային: 

Իր քարոզի մէջ առաջնորդ Տ. Յակոբ Արք. Գլնճեան անդրադարձաւ Մեսրոպ Պատրիարքի վաստակին եւ յոյս յայտնեց, որ արժանապատիւ նոր գահակալ մը ընտրուի Պոլսոյ Աթոռին:

Կէսօրին երգչուհին այցելեց Արաքս ռատիօկայանը եւ իր հրաւէրն ուղղեց ունկնդիրներուն:

Երկուշաբթի առաւօտեան՝ ան հարցազրոյց մը ունեցաւ տեղւոյն La Tele CANAL 12 հեռուստակայանին մէջ, իսկ կէսօրէ ետք այցելեց Նուպարեան վարժարանը, ուր հանդիպեցաւ Նուպարեան եւ Ներսէսեան վարժարաններու աշակերտութեան հետ:

Սիպիլ ընդունուեցաւ նաեւ Ուրուկուայի Զբօսաշրջութեան նախարար Լիլիամ Քեչիչեանի կողմէ, որ բարձր գնահատեց երգչուհիի կատարած գործունէութիւնը: Իր հերթին, Սիպիլն ալ փոխանցեց իր ստացած տպաւորութիւնները Ուրուկուայի մասին եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար:

Սիպիլ այցելեց նաեւ Հայ կաթոլիկ եկեղեցին, ուր զինք դիմաւորեց Տ. Անթոնիօ Վրդ. Քեչիչեան:

Երեքշաբթի, Սիպիլ դարձեալ ունեցաւ հարցազրոյց մը՝ Ազգային հեռուստատեսութեան TNU CANAL 5 կայանի Buscadores ծրագրի ընթացքին եւ երեկոյեան ալ՝ համերգը…

Համերգի ընթացքին թատերասրահի մէջ թեւածեց երգ, երաժշտութիւն, պար ու խօսք դարձած հայ ոգին, ազգասիրութեան ու հայրենասիրութեան նոր շունչ հաղորդելով ներկաներուն:

Համերգէն ետք ստեղծուած մթնոլորտէն ոգեւորուած Տիէկօ Գարամանուկեան նշեց, որ նախաձեռնութեան ունկնդիրներու մօտիկ հետաքրքրութիւնը անգամ մը եւս ապացուցեց, թէ տասներկու տարի առաջ սկսած մարտահրաւէրը կը կատարէ իր առաքելութիւնը՝ վառ պահելով հաղորդակցութիւնը, կիսելով երաժշտութիւն, տեղեկութիւն եւ աւանդութիւն՝ մշակոյթ. ներկայ գտնուելով եւ արձագանգելով հայութեան բոլոր կարեւոր ձեռնարկներուն, դառնալով կամուրջ գաղութի եւ հայրենիքի ու աշխարհասփիւռ հայ համայնքներու հետ: Տասներկու տարի շարունակ իր ունկնդիրներու հետ կիսած է հայութիւնը՝ որպէս ինքնութիւն եւ ապրելակերպ: Տասներկու տարիներու վառ ապրումներն էին, որ մարտի 19-ին համախմբեցին ռատիոյի պատասխանատուներն ու ունկնդիրները, որպէսզի երգով, պարով, Սիպիլի բացառիկ ներկայութեամբ եւ համայնքէն ծնունդ առած տաղանդներով միասնաբար տեօնեն իր տարեդարձը՝ զայն դարձնելով հայ երգի ու երաժշտութեան տօն:

Պոլիս վերադառնալէ առաջ Սիպիլ այցելեց Ուրուկուայի ծովափնեայ քաղաքները՝ Փիրապոլիսն ու Փունթա տել Էսթէն, ուր այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան հրապարակի վրայ զետեղուած հայ կնոջ նուիրուած յուշարձանը:

Ուրբաթ, Մարտ 22, 2019