«ԲԱՐԵԿԱՄ»ՆԵՐՈՒ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց՝ համայնքէն ներս ընկերային զօրակցութեան ամրապնդման հետամուտ «Բարեկամ» խումբի անդամները, որոնք իրենց գործունէութեան եւ ծրագրերուն շուրջ բացատրութիւններ ներկայացուցին։

«Բարեկամ»ի ներկայացուցիչները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկացուցին, որ ներկայիս կը ծրագրեն նպաստել համայնքային վարժարաններու սաներու ուսման մակարդակի բարձրացման։ Այս ծիրին մէջ նախատեսուած է՝ օժանդակ գիտելիքներ ջամբելու համար աշխատանք տանիլ ու զանազան նախաձեռնութիւններով, մատչելի տեղեկութիւններով աշակերտներու մօտ հետաքրքրութիւն յառաջացնել զանազան ոլորտներու նկատմամբ։

Նորին Ամենապատուութիւնը դիտել տուաւ, որ գնահատելի կը համարէ մեր նոր սերունդին ուղղեալ ամէն տեսակ նախաձեռնութիւն եւ այդ բոլորը կ՚ընկալէ ապագայակերտումի շրջանակին մէջ։ Ան գնահատեց «Բարեկամ»ի կողմէ ծաւալուած աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց ապագային համար։

Զրոյցի աւարտին հիւրերը Պատրիարքարանէն հրաժեշտ առին՝ ստանալով Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնները։

Երեքշաբթի, Մարտ 22, 2022