«ՀԱՅՃԱՐ»Ի ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու «Հայճար»ի նորընտիր վարչութեան ներկայացուցիչները։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին ատենապետ Ժան Կավրիլոֆ, Սեւան Յակոբեան եւ Արէտ Ճանիկեան։ Ժան Կավրիլոֆի կողմէ գլխաւորուած կազմը վերջին համագումարին արդիւնքով ստանձնած է «Հայճար»ի ղեկը։ Վարչութեան միւս անդամներն են՝ Մուրատ Տուվարճը, Մարալ Սաղպազար, Սեւան Յակոբեան, Արէտ Ճանիկեան, Գլոտիա Չաքան, Իրէն Պըչաքճը, Սերենա Քէշճիօղլու, Սէրլի Հուպիկօղլու, Շանթ Զինճիր եւ Դալար Տուման։ Պահեստի անդամներն են՝ Սեւան Ունճու, Առէն Սէմէրճեան եւ Պեռնար Թաշճը։
Հսկիչ յանձնախումբի անդամ ընտրուած են՝ Գէորգ Էօզգարակէօզ, Զաքարիա Միլտանօղլու եւ Այգուն Ճոշքուն, պահեստիներն են՝ Էլմոն Հանչէր, Նազար Պինաթլը եւ Էլմոն Թորաման։
Կարգապահութեան յանձնախումբի անդամ ընտրուած են՝ Ալին Փոնթիօղլու, Սասնուհի Մուշլեան եւ Դաւիթ Այնալը, պահեստիներն են՝ Սելին Պիրկիւլ, Սապին Գասպարօղլու եւ Լիանա Եոնթան։
Ատենապետ Ժան Կավրիլոֆ եւ իր ընկերները ներկայիս թարմ եռանդով մը գործի կը լծուին՝ նոր ծրագրեր կեանքի կոչելու հեռանկարով։ Երէկուան հաճելի զրոյցին ընթացքին հիւրերը ընդգծեցին, թէ իրենց անդամներուն շարքին սկսած են ներգրաւել նաեւ ելեկտրական ճարտարագէտներ։ Անդամ-մասնագէտներու տեսակաւորութիւնը այս հանգրուանին «Հայճար»ի առջեւ նոր հորիզոններ կ՚ուրուագծէ։ Ցարդ այս միութիւնը առաւել չափով իր ուշադրութեան կիզակէտին կը պահէր համայնքապատկան կալուածները եւ ընդհանրապէս հայկական ճարտարապետական ժառանգութիւնը։ Նորընտիր վարչութիւնը կը ձգտի քիչ մը եւս ընդլայնել գործունէութեան դաշտը։ Այս նպատակը որդեգրուած է՝ զանազան այժմէական խնդիրներու շուրջ մեր ժողովուրդը լուսաբանելու առաջադրութեամբ։ Այսպէս, «Հայճար» յառաջիկայ շրջանին պիտի աշխատի վերաքաղաքաշինութեան երեւոյթին վրայ։ Ինչպէս ծանօթ է, Իսթանպուլի գլխաւորութեամբ Թուրքիոյ բոլոր քաղաքներուն մէջ թափով յառաջ կը տարուին վերաքաղաքաշինութեան աշխատանքներ։ Լայնածաւալ գործ մըն է այս մէկը, որու տեսանելի արդիւնքները կ՚ըլլան դրական, բայց եւ այնպէս կը յառաջացնեն նաեւ մտահոգութիւններ։ Արդարեւ, մարդիկ սկսած են անհանգստութիւններ ապրիլ իրենց կալուածներու ապագային համար։ Այս հանգամանքը թրքահայ համայնքի բազմաթիւ անհատներուն տեսակէտէ ալ ի զօրու է, իսկ «Հայճար» տեղին ձեւով դիտարկած է սոյն խնդիրը։ Այս պայմաններուն ներքեւ, միութիւնը ասուլիսներ կազմակերպելով պիտի փորձէ լուսաբանել մեր ժողովուրդը։
«Հայճար»ի հետաքրքրութիւններու շրջագծին մաս պիտի կազմէ նաեւ հիւլէական ուժանիւթը։ Ծանօթ է, որ Թուրքիա արդէն ձեռնարկած է հիւլէակայաններու կառուցման աշխատանքի եւ յառաջիկայ շրջանին երկրին մէջ ուժանիւթի արտադրութեան միջոցները պիտի տեսակաւորուին՝ հիւլէականի այլընտրանքով։ Այս նորութեան առընչութեամբ եւս «Հայճար» կը ծրագրէ մատչելի տեղեկութիւններով իրազեկ դարձնել մեր համայնքի հետաքրքիրները։
Ի լրումն այս բոլորին, «Հայճար» յառաջիկայ շրջանին պիտի վերականգնէ նաեւ համացանցային կայքէջը։ Ցարդ «Հայճար»ի կայքէջը միայն թրքերէնով էր, իսկ նոր տարբերակին մէջ այդ մէկը պիտի ըլլայ երկլեզու, որովհետեւ կայքէջը պիտի սկսի գործել նաեւ հայերէնով։
Որպէս հասարակական-մասնագիտական խմբաւորում, վերջին տարիներուն «Հայճար» աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէ թրքահայ համայնքի ընկերային կեանքին, իսկ նոր վարչութեան որդեգրած նպատակները յառաջիկայ շրջանին արդէն տարբեր հարթութեան մը վրայ կրնան դնել անոր գործունէութեան նշանակութիւնը։
Յաջողութիւն կը մաղթենք «Հայճար»ի նորընտիր վարչութեան։