ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի «Մրջիւններ»ուն ընթերցման տօնը, որով ապրուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Փոքրիկները այս առթիւ հանդէս եկան ճոխ յայտագրով մը, որու գործադրութեան բոլոր փուլերուն արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան եւ իր ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սէրթշիմշէք, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, թաղի յարակից մարմիններէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։
Յայտագիրը գործադրուեցաւ Սելին Եուրթկիւլիւի եւ Անտրէ Քոշունի հանդիսավարութեամբ։
Ընթերցման տօնին օրը խանդավառութիւնը զգալի էր ամբողջ դպրոցին մէջ։ Պատերը զարդարուած էին փոքրիկներու գծագրութիւններով։ Խորհրդանշական ձեւով յարդարուած էր նաեւ դպրոցի սրահին բեմը։ Հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն ելոյթներով տղաքը հանդէս եկան փայլուն յաջողութեամբ։ Դասարանի ուսուցչուհի Լետա Ֆիտան շատ յաջող ձեւով պատրաստած էր այս ընթերցման տօնը։ Ան փոքրիկներուն ուղղեալ հակիրճ ելոյթ մըն ալ ունեցաւ եւ այդ խօսակցութեան ընթացքին ցոլացան սաներուն նկատմամբ տածած իր զգացումները։
Յանուն ծնողներուն Գարօլին Թեմիրն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց Լետա Ֆիտանին, դպրոցի ուսուցչական կազմին եւ տնօրէնութեան։
Իր կարգին, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուն ալ Ընթերցման տօնին օրը շնորհաւորեց փոքրիկները, նաեւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ անոնց ուսուցիչներուն կողմէ տարուած աշխատանքին շուրջ։
Ձեռնարկի աւարտին արտայայտուեցաւ նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ եւս ջերմ գուրգուրանքի առարկայ դարձուց փոքրիկները։
Հուսկ, տղաքը ստացան իրենց վիճակացոյցները, նաեւ շարք մը նուէրներ։
Հանդէսի աւարտին յարակից Արամեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։
Միւս կողմէ, Արամեան-Ունճեան վարժարանէն խումբ մը սաներ փութացին Ս. Փրկիչ Ազգային հիւան-դանոցի մնայուն բնակիչներու այցելութեան։ Ուսուցչուհիներ՝ Աննա Սարը Սեչքինի եւ Առլին Պաքըրէլի գլխաւորութեամբ տղաքը Ս. Զատկի առթիւ շնորհաւորութիւններ յղեցին մնայուն բնակիչներուն։ Ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքայի եւ անձնակազմէն Սօնիա Տոնպաօղլուի գլխաւորութեամբ աշակերտները այցելեցին նաեւ հիւանդանոցի թանգարանը։