ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՇԻՇԼԻԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆԸ

Է­սաեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ ե­րէկ այ­ցե­լե­ցին Շիշ­լիի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը, ու­ղեկ­ցու­թեամբ ի­րենց հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­հիին՝ Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լուի։ Ծա­նօթ է, որ Շիշ­լիի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը բա­ցօ­թեայ թան­գա­րա­նի մը մթնո­լոր­տը ու­նի, թէ՛ այն­տեղ ամ­փո­փուած տի­րա­կան դէմ­քե­րու մեծ վաս­տա­կին եւ թէ ընդ­հա­նուր մթնո­լոր­տի խնամ­քին տե­սան­կիւ­նէն։

Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լու եւ իր սա­նե­րը եր­կա­րա­տեւ ու ան­մո­ռա­նա­լի շրջայց մը կա­տա­րե­ցին գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։ Գե­րեզ­մա­նա­տան յանձ­նա­խում­բի պա­տաս­խա­նա­տու­ներն ալ ջերմ վե­րա­բեր­մունք ցու­ցա­բե­րե­ցին տղոց նկատ­մամբ։ Շիշ­լիի գե­րեզ­մա­նա­տան հա­մա­լի­րէն ներս ա­շա­կերտ­նե­րը տե­սան ան­ցեա­լի ազ­նուա­կան ու բա­րե­յի­շա­տակ շարք մը գեր­դաս­տան­նե­րու կո­թո­ղան­ման դամ­բա­րան­նե­րը, մտա­ւո­րա­կա­նաց բաժ­նէն ներս ծա­նօ­թա­ցան մեր մտա­ւո­րա­կան­նե­րու դամ­բա­րան­նե­րուն, այ­ցե­լե­ցին պատ­րիարք­նե­րու եւ բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու մաս­նա­ւոր բա­ժի­նը, ե­ւայլն։ Տղա­քը տե­սան եր­ջան­կա­յի­շա­տակ Մա­ղա­քիա Պատ­րիարք Օր­մա­նեա­նի նոր զե­տե­ղուած ար­ձա­նը, ո­րու հե­ղի­նակն է յայտ­նի քան­դա­կա­գործ Է­րօլ Սա­րա­ֆեան։ Ընդ­հա­նուր նա­հա­տա­կաց նկատ­մամբ ի­րենց յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցե­լու զու­գա­հեռ է­սաեան­ցի ա­շա­կերտ­նե­րը հա­մախմ­բուե­ցան նաեւ Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի կի­սանդ­րիին շուրջ։

Է­սաեան­ցի ա­շա­կերտ­նե­րը Շիշ­լիի գե­րեզ­մա­նա­տան զա­նա­զան բա­ժին­նե­րուն մէջ, ի­րենց շրջայ­ցի յատ­կան­շա­կան հանգ­րուան­նե­րուն նկա­րա­հա­նուե­լէ վերջ հրա­ժեշտ ա­ռին՝ հա­ղորդ դար­ձած ըլ­լա­լով մեր մշա­կոյ­թի շարք մը ե­րախ­տա­շատ ա­նուն­նե­րու յի­շա­տա­կին։ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 22, 2016