ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀ ԸՆԹԱՑՔ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի ութերորդ դասարանի աշակերտները, որոնք կը պատրաստուին ներկայ կրթական տարուան վերջաւորութեան բոլորել իրենց ուսումնառութեան առաջին շրջանը։ Աշակերտներուն ընկերացան վարժարանի տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան, փոխ-տնօրէն Դաւիթ Խաչատրեան, ուսուցչուհիներէն Թաթիանա Դաւթեան, ինչպէս նաեւ Դալար եւ Արթօ Հորոզօղլուները, որոնք կը գլխաւորեն հաստատութեան կամաւոր մատակարար մարմինը։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ զրուցելու ընթացքին աշակերտները զանազան հարցումներ ուղղեցին թերթիս պատմութեան, ներկայ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ թրքահայ համայնքային կեանքին եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն շուրջ։ Հանդիպումը շուտով անմիջական զրոյցի մը մթնոլորտով շարունակուեցաւ եւ այդ զրոյցին մանսակցեցան ոչ միայն աշակերտները, այլ նաեւ իրենց ուղեկից պատասխանատուները։
Ծանօթ է, որ յառաջիկայ տարի արդէն այս վարժարանը նոր երդիքի մը տակ պիտի գործէ, աւելի կատարեալ ֆիզիքական պայմաններով։ Աշակերտները յայտնեցին, որ ուրախութիւն կը զգան, թէ իրենց յաջորդները աւելի դրական պայմաններու ներքեւ ուսում պիտի ստանան։
Զրոյցի աւարտին «Հրանդ Տինք» վարժարանի պատասխանատուները մեզի տեղեկացուցին, թէ այս ամառ հաստատութենէն աշակերտներ պիտի մասնակցին Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Արի տուն» ծրագրին։ Դպրոցէն աշակերտներ նոյնպէս մասնակցութիւն պիտի բերեն Երեւանի «Թումօ» կեդրոնի դասընթացքներուն։ Ի լրումն այս բոլորին, «Հրանդ Տինք» վարժարանէն վեց կրթական մշակներ Երեւանի մէջ մասնակցութիւն պիտի բերեն վերապատրաստման դասընթացքներուն։