ՓԱՅԼՈՒՆ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Գա­րա­կէօ­զեան Տան Գնալը կղզիի Կազ­դուր­ման կա­յա­նը ներ­կա­յիս կ՚ող­ջու­նէ իր հիմ­նադ­րու­թեան յիս­նա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ Յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին այս յո­բե­լեա­նի ար­ժե­ւոր­ման հա­մար կեան­քի պի­տի կո­չուի ծրա­գիր մը, ո­րու սկիզ­բը տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան։ Գա­րա­կէօ­զեան Տան պար­տէ­զին մէջ, Կազ­դուր­ման կա­յա­նի յիս­նա­մեա­կին առ­թիւ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան սարքուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րուն զու­գա­հեռ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Հօրս տու­նը» փաս-­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նին ցու­ցադ­րու­թիւ­նը։ Իս­­կա­պէս շատ հա­ճե­լի մթնո­լոր­տի մը մէջ ան­ցաւ յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նի մեկ­նար­կա­յին հանգ­րուա­նը, որ ե­կաւ հա­մախմ­բել հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն այն գրե­թէ բո­լոր խորհր­դան­շա­կան ա­նուն­նե­րը, ո­րոնք ան­ցեալ հինգ տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին ի­րենց վաս­տա­կով ա­պա­հո­ված են Կազ­դուր­ման կա­յա­նի յա­րա­տե­ւու­թիւ­նը։

Ե­րէ­կուան ձեռ­նար­կին պա­տուոյ հիւրն էր Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, ո­րուն կ՚ըն­կե­րա­նար Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւր­զեան։ Ներ­կայ էին Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ եւ իր ըն­կեր­նե­րը, Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Վազ­գէն Պա­րըն, Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու, Վա­գըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճան, բազ­մա­թիւ ծա­նօթ ազ­գա­յին­ներ, հա­մայն­քա­յին մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, կրթա­կան մշակ­ներ, Կազ­դուր­ման կա­յա­նի նախ­կին տնօ­րէ­նու­հի­նե­րը, հո­գա­տար մարմ­նի նախ­կին ա­տե­նա­պետ­ներն ու ան­դամ­նե­րը, հսկիչ­նե­րը եւ զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ սա­ներ։ Բո­լոր հիւ­րե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցան Նաժ­տա Շա­տեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բին, Ար­թին Քի­լէ­ճիի կող­մէ գլխա­ւո­րուած ներ­կայ հո­գա­տար մարմ­նին եւ տնօ­րէ­նու­հի Թա­մար Ներ­կի­զի կող­մէ։

Գա­րա­կէօ­զեան Տան պար­տէ­զը այս հա­ւա­քոյ­թին առ­թիւ յար­դա­րուած էր պատ­շա­ճօ­րէն եւ այն­տեղ ստեղ­ծուած՝ տօ­նա­կան մթնո­լորտ մը։ Բո­լոր ներ­կա­նե­րը նախ ըն­դու­նե­լու­թեան մը ձե­ւա­չա­փին մէջ հա­ճե­լի զրոյց ու­նե­ցան ի­րա­րու հետ։ Ա­պա բո­լո­րը հա­մախմ­բուե­ցան «Քար­թալ­լըօղ­լու» սրա­հի եր­դի­քին տակ, ուր գոր­ծադ­րուե­ցաւ օ­րուան յայ­տա­գի­րը։ Ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Ար­թին Քի­լէ­ճի, Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ եւ Նաժ­տա Շա­տեան։

Ա­ւե­լի վերջ ցու­ցադ­րուե­ցաւ «Հօրս տու­նը» փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նը, ո­րու հե­ղի­նակն է Սա­յաթ Տաղ­լըեան։ Հարկ է նշել, որ այս ֆիլ­մը պատ­րաս­տուած է Սա­յաթ Տաղ­լըեա­նի Կազ­դուր­ման կա­յա­նի եր­դի­քին տակ ան­ցու­ցած եր­կու շաբ­թուան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն, դի­տար­կում­նե­րուն ու նկա­րա­հա­նում­նե­րուն հի­ման վրայ։ Իր ամ­բող­ջին մէջ, գոր­ծը կը ցո­լաց­նէ Կազ­դուր­ման կա­յա­նի բազ­մա­կող­մա­նի ա­ռօ­րեան՝ այն­տեղ մա­տու­ցուած ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րով եւ ստեղ­ծուած մթնո­լոր­տով հան­դերձ։ Ֆիլ­մին կցուած են նաեւ հաս­տա­տու­թեան ան­ցեա­լէն զա­նա­զան դրուագ­ներ, ո­րոնք կը պայ­մա­նա­ւո­րեն գոր­ծին պատ­մա­կան խոր­քը։ Հաս­տա­տու­թեան հիմ­նա­դիր հո­գե­լոյս Շնորհք Պատ­րիարք Գա­լուս­տեա­նի եւ իր այդ շրջա­նի ան­մի­ջա­կան գոր­ծա­կից­նե­րուն նկատ­մամբ ե­րախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­ներ կ՚ընդգ­ծուին այս ֆիլ­մին մէջ։ Բո­վան­դա­կու­թիւ­նը ճո­խա­ցուած ու կա­տա­րե­լա­գոր­ծուած է շարք մը վաս­տա­կա­շատ ա­նուն­նե­րու կող­մէ բե­րուած վկա­յու­թիւն­նե­րով. օ­րի­նակ՝ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, Սել­մա Իս­քէն­տէ­րէօզ, Տիա­նա Գամ­բա­րո­սեան, Ժագ­լին Էր­մէն, Նուարդ Պօ­յա­ճեան, Հռիփ­սի­մէ Պա­քեան, Թա­մար Ներ­կիզ, Նաժ­տա Շա­տեան, Թա­մար Գա­րա­սու, Հայկ Աս­լա­նեան, Սե­ւան Չա­վու­շեան եւ այլք։

Ժա­պա­ւէ­նի ցու­ցադ­րու­թե­նէն վերջ ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, որ մե­ծա­պէս կա­րե­ւո­րեց Կազ­դու­ման կա­յա­նի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը եւ ա­նոր կող­մէ ծա­ւա­լուած գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը շեշ­տեց, որ այս հաս­տա­տու­թիւ­նը պէտք է ու­նե­նայ անհ­րա­ժեշտ մի­ջա­վայ­րը մեր նոր սե­րուն­դի ֆի­զի­քա­կան հնա­րա­ւո­րինս լաւ պայ­ման­նե­րով ար­ձա­կուր­դը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար, սա­կայն միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կա­յա­նի յար­կէն ներս պէտք է մշա­կուին նաեւ ա­նոնց հո­գի­ներն ու միտ­քե­րը։ Ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դը շեշ­տեց, որ ամ­րան ար­ձա­կուր­դի մի­ջա­վայ­րին մէջ այն­տեղ պէտք է տղա­քը հա­ղորդ դառ­նան մեր լե­զուին, հա­ւատ­քին, մշա­կոյ­թին եւ ընդ­հան­րա­պէս ժա­ռան­գու­թեան՝ հնա­րա­ւո­րու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ընդգ­ծեց, որ այժմ մեր վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ որ­քան տկա­րա­ցած է հա­յա­խօ­սու­թիւ­նը եւ այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ հա­մայն­քը պար­տա­ւո­րուած է նուա­զա­գոյն ձեռք­բե­րում­նե­րով բա­ւա­րա­րուե­լու։ Հե­տե­ւա­բար, Կազ­դուր­ման կա­յա­նի մի­ջա­վայրն ալ պէտք է ծա­ռա­յէ այդ նուա­զա­գոյն պայ­ման­նե­րու ստեղծ­ման կամ ա­նոնց կա­րե­լի չա­փով նպաստ մը բե­րե­լու։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ կա­յա­նի հիմ­նա­դիր­նե­րուն, բո­լոր սա­տա­րող­նե­րուն, սպա­սա­ւոր­նե­րուն մա­սին։ Ան օրհ­նեց Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կի­լի գլխա­ւո­րու­թեամբ այ­սօ­րուան վա­րիչ­նե­րուն կող­մէ տա­րուած աշ­խա­տան­քը եւ յղեց յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ։

Յայ­տագ­րի եզ­րա­փա­կու­մէն վերջ պար­տէ­զին մէջ ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը շա­րու­նա­կուե­ցաւ։ Տիկ­նանց կազ­մին կող­մէ սար­քուած սե­ղան­նե­րուն շուրջ հա­մախմ­բուած ներ­կա­նե­րը ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին յիս­նա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բին նկատ­մամբ։ Նաժ­տա Շա­տեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած այս յանձ­նա­խում­բը յո­բե­լե­նա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին հա­մար մշա­կած է զա­նա­զան հանգ­րուան­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ ծրա­գիր մը, որ կեան­քի պի­տի կո­չուի աս­տի­ճա­նա­բար։ Այս ծրագ­րով նա­խա­տե­սուած են մա­նուկ­նե­րուն եւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն ուղ­ղեալ զա­նա­զան ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ձեռ­նարկ­ներ, ինչ­պէս նաեւ պաշ­տօ­նա­կան ձե­ւա­չա­փով ընթ­րիք մը՝ որ­պէս եզ­րա­փա­կիչ հանգ­րուան։

Գնա­լը կղզիի Կազ­դուր­ման կա­յա­նը մեր հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ցան­ցին մէջ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ նշա­նա­կու­թեամբ օ­ղակ մըն է։ Մեր հա­մայն­քի ա­մե­նա­հա­մեստ խա­ւե­րէ ըն­տա­նիք­նե­րուն զա­ւակ­նե­րը կա­յա­նի եր­դի­քին տակ ամ­րան շրջա­նին տա­քուկ բոյ­նի մը մթնո­լոր­տին մէջ հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ու­նե­նան ան­ցը­նե­լու ի­րենց ար­ձա­կուր­դը։ Որ­քան որ ալ կա­տա­րեա­լին նկատ­մամբ ձգտու­մը միշտ շա­րու­նա­կուի, կա­րե­լի չէ ան­տե­սել, որ մա­նա­ւանդ վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն կա­յա­նի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, պայ­ման­նե­րը գե­րա­զան­ցած են նուա­զա­գոյ­նի սահ­մա­նը։ Այն­տեղ ամ­րան շրջա­նին ոչ միայն կը դի­մագ­րա­ւուի փոք­րիկ­նե­րու կամ պա­տա­նի­նե­րու տար­րա­կան կա­րիք­նե­րը, այլ նաեւ ա­նոնց հա­մար կը ձե­ւա­ւո­րուի հարս­տա­ցու­ցիչ մի­ջա­վայր մը՝ զա­նա­զան դա­սե­րով, մար­զա­կան շար­ժում­նե­րով եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տանք­նե­րով։ Ա­մէն ա­մառ թրքա­հա­յու­թեան սիր­տը կը տրո­փէ Կազ­դուր­ման կա­յա­նի մէջ։ Գնա­լըի բար­ձուն­քի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը միշտ կը գտնուին հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րու ու­շադ­րու­թեան կի­զա­կէ­տին։ Մեր բո­լոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րեն Կազ­դուր­ման կա­յա­նի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ուղ­ղու­թեամբ։ Այդ պատ­րաս­տա­կա­մու­թե­նէն կը ծնի միաս­նա­կան շար­ժում մը, ո­րուն մէջ ա­ռանց­քա­յին կը հա­մա­րուի նաեւ կղզեբ­նակ­նե­րուն նա­խան­ձախնդ­րու­թիւ­նը, հո­գա­ծու­թիւ­նը Կազ­դուր­ման կա­յա­նին նկատ­մամբ։ Բո­լո­րը ա­ռա­ջին հեր­թին կը ջա­նան կա­յա­նի ա­շա­կերտ­նե­րու տուեալ պա­հու կա­րիք­նե­րը դի­մագ­րա­ւել, սա­կայն ակն­յայտ է, որ եր­կար ժա­մա­նա­կա­հուա­ծով՝ ման­կա­կան այդ յի­շո­ղու­թիւն­նե­րը, վառ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կը պայ­մա­նա­ւո­րեն նոր սե­րուն­դին միա­ցու­մը, մաս­նակ­ցու­թիւ­նը հա­մայն­քա­յին կեան­քին։ Ազ­գի զա­ւակ­նե­րու ա­պա­գան պատ­րաս­տե­լու, ազ­նիւ ու բա­րի ան­հատ­ներ կեր­տե­լու տե­սան­կիւ­նէն շատ կա­րե­ւոր հաս­տա­տու­թիւն մըն է Կազ­դուր­ման կա­յա­նը, ո­րուն յիս­նա­մեայ յո­բե­լեա­նը ար­ժե­ւո­րե­լու հա­մար ստեղ­ծուած է դրա­կան մթնո­լորտ մը։ Կազ­դուր­ման կա­յա­նը կը մարմ­նա­ւո­րէ ար­ժէ­քա­յին հա­մա­կարգ մը, ո­րու տար­րե­րը մեր հա­մայն­քի հե­ռան­կար­նե­րուն, ա­պա­գայ տես­լա­կա­նին մէջ պար­տադ­րա­բար կ՚ու­նե­նան ի­րենց տե­ղը։  

Ուրբաթ, Ապրիլ 22, 2016