ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՊՏՈՅՏԸ՝ ԴԷՊԻ ԷՄԻՐԿԵԱՆ

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ պտոյտ մը կա­տա­րե­ցին դէ­պի Է­միր­կեան։ Միջ­նա­կար­գի ա­շա­կերտ­նե­րէն բաղ­կա­ցեալ այս խում­բը Է­միր­կեա­նի ըն­դար­ձակ պար­տէ­զին մէջ ու­նե­ցաւ հա­ճե­լի ժա­մանց։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ գար­նան շրջա­նին պու­րա­կին մէջ բնու­թիւ­նը վե­րա­կեն­դա­նա­ցած է, տղա­քը ըմ­բոշխ­նե­ցին այդ բնա­կան գե­ղեց­կու­թիւ­նը՝ Վոս­փո­րի գե­ղա­տե­սիլ հա­մայ­նա­պատ­կե­րին վրայ։ 

Հա­ճե­լի ժա­մեր ան­ցը­նե­լէ վերջ ա­շա­կերտ­նե­րը բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ վե­րա­դար­ձան դպրոց։

Շաբաթ, Ապրիլ 22, 2017