ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԸՆԹՐԻՔ

Սկիւ­տա­րի սա­նուց միու­թեան մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Գալ­ֆաեան Տան այս տա­րուան շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն հա­մար կազ­մա­կերպուած հրա­ժեշ­տի ընթ­րիք մը, ո­րու ըն­թաց­քին ստեղ­ծուե­ցաւ մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն։ Ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն հրա­ժեշտ տա­լու հա­մար կազ­մա­կեր­պուած ե­րե­կոյ­թին մաս­նակ­ցե­ցան Գալ­ֆաեան Տան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։

Շրջա­նա­ւարտ­նե­րը բուռն ծա­փե­րու ար­ժա­նա­նա­լով հան­դի­սա­ւո­րա­պէս մուտք գոր­ծե­ցին սրահ։ Տնօ­րէ­նու­հի Այ­տա Քա­յաէր հան­դէս ե­կաւ ող­ջոյ­նի խօս­քով մը՝ շնոր­հա­ւո­րեց շրջա­նա­ւարտ­նե­րը եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց ա­նոնց կրթա­կան շրջա­նի ա­պա­գա­յին հա­մար։ Յու­զում­նա­խառն մթնո­լոր­տի մը մէջ գալ­ֆաեան­ցի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը ստա­ցան ի­րենց վկա­յա­կան­նե­րը։

Ե­րե­կոյ­թի տե­ւո­ղու­թեան բո­լո­րը ու­նե­ցան հա­ճե­լի ժա­մանց՝ ու­րա­խա­կից ըլ­լա­լով ըն­թա­ցա­ւարտ­նե­րուն։

Չորեքշաբթի, Յունիս 22, 2016