ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՑՈՅՑ
Այս առաւօտ Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ եւ Պատրիարքարանի գտնուած փողոցը հանդիսացաւ արտասովոր իրադարձութեան մը թատերաբեմը։ Ինչպէս երէկ հաղորդած էինք, «Միտք» հարթակը այս առաւօտ ցոյց մը իրականացուց Գումգաբուի մէջ։ Այս բողոքի արարքը կազմակերպուեցաւ «Մեր պատրիարքը կ՚ուզենք մե՛նք ընտրել» կարգախօսով։ Հարկ է նշել, որ «Սեւկի» փողոցին մէջ անվտանգութեան ուժերուն կողմէ արտասովոր միջոցներ ձեռք չէին առնուած։
«Միտք» հարթակի կոչին անսալով ցուցարարներու սակաւաթիւ խումբ մը համախմբուեցաւ Գումգաբուի մէջ։ Խումբին անդամները նախ մոմավառութիւն եւ աղօթք կատարեցին Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Իրենց նպատակն էր աւելի վերջ Պատրիարքարանի շէնքի պարիսպներուն առջեւ թողուլ սեւ ծաղկեպսակ մը եւ հանդէս գալ յայտարարութիւնով մը՝ ուշադրութիւն հրաւիրելու համար պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան խնդրին վրայ։
Մամուլի յայտարարութիւնը ընթերցեց Ժագլին Չելիք։
Մանրամասնութիւնները՝ վաղուան թիւով։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024