ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՔԱՂԱՔՍ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան վե­րա­դար­ձաւ քա­ղաքս։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ան­ցեալ շաբթուան մէջ Իս­թան­պու­լէն մեկ­նած էր Մոս­կուա, ուր­կէ պի­տի անց­նէր Հա­յաս­տան՝ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Սրբա­զան Պա­պի դէ­պի Ս. Էջ­միա­ծին այ­ցե­լու­թեան եւ Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի նստաշր­ջա­նին։

Պուն­տես­թա­կի կող­մէ առ­նուած վեր­ջին ո­րոշ­ման զու­գա­հեռ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­մակ մը ու­ղար­կած էր Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նին։ Այդ նա­մա­կին բո­վան­դա­կու­թեան բե­րու­մով մեր հա­մայն­քէն ներս ստեղ­ծուած բա­նա­վէ­ճի մթնո­լոր­տին ի շա­րու­նա­կու­թիւն հայ աշ­խար­հի ընդ­հա­նու­րէն ներս ալ յա­ռա­ջա­ցած են կարգ մը զգայ­նու­թիւն­ներ։ Հա­յաս­տա­նի մէջ խնդի­րը այն­պի­սի հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րու հա­սած է, որ կարգ մը շրջա­նակ­ներ պատ­րաս­տու­թեան ձեռ­նար­կած են՝ բո­ղո­քի ցոյ­ցեր ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար։

Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան յար­մար դա­տած է ջնջել իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը, որ­պէս­զի Սրբա­զան Պա­պի այ­ցե­լու­թեան օ­րե­րուն չյա­ռա­ջա­նան տհաճ ե­րե­ւոյթ­ներ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 22, 2016