ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ՄՈՒՐԱՏ ՀԱԶԻՆԵՏԱՐԻ ՏԱՆՏԻՐՈՒԹԵԱՄԲ ԻՖԹԱՐԻ ՍԵՂԱՆ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մե­կեր­պուե­ցաւ իֆ­թա­րի սե­ղան մը, ո­րուն մաս­նակ­ցիլ հրա­ւի­րուած էին նաեւ մեր հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն դէմ­քեր։ Պէ­շիկ­թա­շի «Four Seasons» պան­դո­կին մէջ, բա­ցօ­թեայ սար­քուած այս ընթ­րի­քին տան­տէրն էր Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պետ Մու­րատ Հա­զի­նետար։ Բազ­մա­հա­րիւր ներ­կա­նե­րու շար­քին էին այս գա­ւա­ռա­կի ղե­կա­վա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, հա­սա­րա­կա­կան շրջա­նակ­նե­րէն դէմ­քեր, ա­րուես­տա­գէտ­ներ, մտա­ւո­րա­կան­ներ եւ այլ հիւ­րեր։

Ճաշ­կե­րոյ­թի ըն­թաց­քին գոր­ծադրուե­ցաւ գե­ղա­րուես­տա­կան յայ­տա­գիր, մինչ ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան քա­ղա­քա­պետ Մու­րատ Հա­զի­նետար եւ Պէ­շիկ­թա­շի գա­ւա­ռա­պետ Ապ­տուլ­լահ Քալ­քան։

Պէ­շիկ­թա­շի սահ­ման­նե­րուն մէջ գտնուող մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն հո­գե­ւոր հո­վիւ­ներն ու մա­տա­կա­րար մար­մին­նե­րու ա­տե­նա­պետ­ներն ալ հրա­ւի­րուած էին այս ե­րե­կոյ­թին։ Այս­պէս, Մու­րատ Հա­զի­նետար ջերմ վե­րա­բեր­մուն­քով մը ող­ջու­նեց Պէ­շիկ­թա­շի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Հա­յա­զատ Կա­զէ­րօղ­լուն, Օր­թա­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Իս­քէն­տէր Շա­հին­կէօ­զը, Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նի տնօ­րէն Ա­րաս Տե­լի­ճէն, ինչ­պէս նաեւ Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեա­նը, Տ. Սար­գիս Ա. Քհնյ. Գու­յում­ճեա­նը եւ Տ. Զա­քար Քհնյ. Քո­փա­րեա­նը։

Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պետ Մու­րատ Հա­զի­նե­տա­րի կող­քին էր նաեւ հայ հա­մայն­քին գծով իր խորհր­դա­կա­նը՝ Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լուն։

Չորեքշաբթի, Յունիս 22, 2016