ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԲԱԺՆԻ ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քը թա­ղի Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի միջ­նա­կար­գի բաժ­նի շրջա­նա­ւար­տու­թեան հան­դի­սու­թեան առ­թիւ ապ­րե­ցաւ մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Տօ­նա­կան մթնո­լորտ մը ստեղ­ծուե­ցաւ դպրո­ցին մէջ, մինչ գոր­ծադ­րուե­ցաւ բազ­մա­կող­մա­նի յայ­տա­գիր մը։ Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քէն վար­չա­յին­ներ եւ բազ­մա­թիւ հիւ­րեր փու­թա­ցած էին շնոր­հա­ւո­րել միջ­նա­կար­գի բաժ­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը։

Ե­րե­կոյ­թի ըն­թաց­քին ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց տնօ­րէ­նու­հի Ժա­նէթ Ներ­կիզ։ Ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ դա­սա­րա­նի ու­սուց­չու­հի Թիւ­լին Քա­րա­փեք­մէզ։ Շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն ա­նու­նով խօսք ա­ռին Լիա­նա Չիյ­տէմ, Ռո­նի Նամ­լը եւ Թա­լիա Քա­րա­ճան։ Շրջա­նա­ւարտ­նե­րու ծնո­ղաց ա­նու­նով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Զիւմ­րիւտ Չա­քըր։

Ե­րե­կոյ­թի հան­դի­սա­վար­ներն էին Մե­լի­սա Սե­փեթ­ճի եւ Ա­րի Տե­լի­մել­քո­նօղ­լու։ Յայ­տագ­րին տե­ւո­ղու­թեան տղա­քը հա­յե­րէ­նով, թրքե­րէ­նով եւ անգ­լե­րէ­նով հան­դէս ե­կան զա­նա­զան ե­լոյթ­նե­րով։ Ա­պա ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ ա­նոնք ստա­ցան ի­րենց վկա­յա­կան­նե­րը։ Այս տա­րուան յա­ջո­ղա­գոյն շրջա­նա­ւարտ­ներն են՝ Դա­ւիթ Թա­նէր Թուր­կայ, Թա­լիա Թուա­նա Տաղ եւ Ա­րիա­նա Չիֆթ­ճի, ո­րոնց հա­մար վե­րա­պա­հուած էին յա­ւե­լեալ նուէր­ներ։

Հան­դէ­սի ա­ւար­տին բո­լոր ներ­կա­նե­րը ջեր­մօ­րէն շրջա­պա­տե­ցին տղա­քը, ո­րոնց փո­խան­ցե­ցին ի­րենց գնա­հա­տանքն ու կրթա­կան կեան­քի շա­րու­նա­կու­թեան հա­մար յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 22, 2016