ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԷՍԸ

Գարակէօզեանի ընտանիքը երէկ երեկոյեան մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ՝ դպրոցի 2018-2019 կրթական շրջանի ընթացաւարտներու շրջանաւարտութեան հանդէսին առթիւ։ Ներկայ էին խնամակալութեան ներկայացուցիչները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Գարուն Քովան, տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ, ուսուցչական կազմը, սանուց միութեան վարչայինները, Գարակէօզեանի ընտանիքէն պատասխանատուներ եւ շրջանաւարտներու ընտանիքները։ Աւարտական դասարանի տղաքը բոլորին կողմէ շրջապատուեցան ջերմօրէն։

Հանդէսի սկիզբին տղաքը նկարուեցան խմբովին եւ պարելով բարձրացան բեմ։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Արուսեակ Մոնէ, Գարուն Քովան եւ դասարանի ուսուցչուհի Սիլվա Տաղճը Տուման։ Ընթացաւարտներուն անունով արտայայտուեցան՝ Տենչա Սիլահլը, Վանեսա Սու Օք, Ալէն Քարաքելլէ, Աննա Մարիա Տիփկիլ եւ Նիրվանա Տեմիրճի։

Յայտագրին տեւողութեան տղաքը խմբերգներով հանդէս եկան՝ երաժշտութեան ուսուցչուհի Գարին Քաթրանճըօղլուի մականին ներքեւ։ Իրենց յանձնուեցան նաեւ վկայականներն ու յուշապնակներ։ Տղաքը ներկայացուցին նաեւ հրաժեշտի պար մը։ 

Շրջանաւարտներուն համար պատրաստուած կարկանդակի հատուելէն վերջ տղաքը հաճելի ժամանց ունեցան մինչեւ ուշ գիշեր։

Շաբաթ, Յունիս 22, 2019