ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, այսօր երեկոյեան Պատրիարքարանի մէջ նախատեսուած է կարեւոր խորհրդակցութիւն մը։ Այս առթիւ օրակարգի վրայ կու գան պոլսահայ վարժարաններու վերաբերեալ առկայ խնդիրները։ Թրքահայ կրթական համակարգի հրատապ լուծման կարօտ խնդիրներուն շուրջ Գումգաբուի մէջ կը ծաւալուին քննարկումներ, որոնց կը մասնակցին՝ վարժարան մը հովանաւորող մեր մատակարար մարմիններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ համայնքային շրջանակները այս փուլին եւս կը տեւականացնեն իրենց որոնումները՝ թէ՛ նիւթական առկայ դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ թէ պոլսահայ վարժարաններու արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու առաջադրութեամբ։

Պատրիարքարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ այսօրուան ժողովը բաց պիտի ըլլայ նաեւ մամուլի համար։

Հինգշաբթի, Յունիս 22, 2023