ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԿՐԵՏԷԻ ԱՅԱ ԹՐԻԱՏԱ ՎԱՆՔԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը շարունակէ իր հովուական այցելութիւնը դէպի Կրետէ կղզի։ Երէկ, ան այս ծիրէն ներս այց մը տուաւ տեղւոյն Այա Թրիատա յունական վանքը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կ՚ընկերանային Կրետէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ տեսուչ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան, գաւազանակիր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ Պատրիարքարանի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։ Վանքի մուտքին անոնք դիմաւորուեցան Քանիայի Տ. Դամասկինոս մետրապոլիտին եւ վանական միաբաններու կողմէ:

Այսպէս, կատարուեցաւ ուխտի աղօթք: Բարիգալստեան խօսքէն ետք, միաբաններէն մէկը Նորին Ամենապատուութեան ու իր ընկերակիցներուն տեղեկութիւններ տուաւ վանքի մասին: Ապա Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը այցելեց նաեւ վանքին թանգարանը, ուր կը ցուցադրուէին եկեղեցական հին զգեստներ, ձեռագիր ու հնատիպ մատեաններ, սրբանկարներ եւ այլ գոյքեր: Աւելի վերջ վանքի ընդունելութեան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ զրոյց եւ նուէրներու փոխանակում։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ու իր հետեւորդները հրաժեշտ առին վանքէն։

Շաբաթ, Յունիս 22, 2024