ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻՆ

Գոհունակութեամբ վերակահու կ՚ըլլանք, թէ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի նշանակուած է Երանուհի Պալճը։ Ինչպէս ծանօթ է, երկարամեայ պաշտօնավարութենէ վերջ Ալիս Պայրամ որոշած էր լքել տնօրէնուհիի պաշտօնը։ Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը որոշած է դպրոցի ղեկը յանձնել Երանուհի Պալճըին։ Այս վերջինը արժէքաւոր ու փորձառու կրթական մշակ մըն է։ Տատեան վարժարանէ ներս ուսողութեան ուսուցչուհիի պաշտօն կը վարէր Երանուհի Պալճը, որ Պաքըրգիւղի ընտանիքին կողմէ համակրանքի եւ գնահատանքի արժանացած կրթական մշակ մը եղած է։ Դպրոցէն ներս ան ստանձնած է նաեւ վարչական պաշտօն՝ որպէս փոխ-տնօրէնուհի։ Այս բոլորէն վերջ այժմ ան կոչուած է տնօրէնուհիի պաշտօնին՝ յաջորդելով Ալիս Պայրամին։ Էսաեան վարժարանի սաներէն եղած է Երանուհի Պալճը, որու նշանակումը Պաքըրգիւղի ընտանիքին եւ համայնքի շրջանակներուն կողմէ ողջունելի կը համարուի։

Այս առթիւ կը շնորհաւորենք նորանշանակ տնօրէնուհի Երանուհի Պալճըն, որուն յաջողութիւն կը մաղթենք իր առաքելութեան մէջ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2020