ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԵՐԷԿ ՆՇՈՒԵՑԱՒ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆԻ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌԱՆԴՐՈՒԹԵԱՆ 43-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. Պատարագի արարողութեան։ Ինչպէս ծանօթ է, ամէն չորեքշաբթի Վոսփորի մեր այս գողտրիկ եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցուի Ս. Պատարագ, որուն կը մասնակցին մեր զանազան թաղերէն հաւատացեալներ։ Երէկուան արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ միեւնոյն ժամանակ տուաւ օրուան պատգամը։ Հաւատացեալները դարձեալ խուռներամ բազմութեամբ լեցուցած էին եկեղեցին։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Կարպիս Սրկ. Չիչէքեան եւ Լեւոն Սրկ. Գույումճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ առաջնորդութեամբ Մուրատ Կսսրկ. Իչլինալչայի։ Օրուան քարոզին մէջ նորին սրբազնութիւնը կանգ առաւ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ վրայ, ինչ որ Ս. Աւետարանի պատգամներու շարքին ունի առանցքային նշանակութիւն։

Յաւարտ Ս. Պատարագի եկեղեցւոյ յարակից պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Բացօթեայ հաւաքոյթին ժամանակ հաւատացեալները անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեցին իրարու հետ։ Սեղանը օրհնեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էր տէր հայրը։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ իր գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ սարքուած սեղաններուն շուրջ հաւատացեալները ունեցան մտերմիկ զրոյց։

Մինչ այդ, երէկ Գուզկունճուքի մէջ նշուեցաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի քահանայական ձեռնադրութեան 43-րդ տարեդարձը։ Գուզկունճուքի ընտանիքի ներկայացուցիչներն ու Ս. Պատարագի մասնակից հաւատացեալները այս առթիւ ջերմօրէն շրջապատեցին նորին սրբազնութիւնը, որուն յղեցին արեւշատութեան մաղթանքներ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հատեց նաեւ իրեն համար պատրաստուած կարկանդակը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 22, 2019