ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքարանի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ կարեւոր ժողով մը։ Գումգաբուի այս խորհրդակցութեան նախագահեց տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Այս հաւաքը մէկտեղեց Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինն ու մեր համայնքային մարմիններու եւ թաղային խորհուրդներու ներկայացուցիչները։

Պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ այս ժողովի ընթացքին քննարկուեցան անհրաժեշտ դերաբաժանումներն ու համագործակցութեան հեռանկարները, որպէսզի մեր ժողովուրդի պատրիարքական ընտրութեան մասնակցութիւնը երաշխաւորուի եւ հասնի առաւելագոյն համեմատութեան։

Ինչպէս ծանօթ է, երկար ատենէ ի վեր օրակարգի վրայ է թաղերու ընտրացուցակներու արդիականացման ու կատարելագործման խնդիրը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 22, 2019