ԱԶՆՈՒՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՄՆԱՑՈՒՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ
Կա՛ց, Գերապայծառ Տէր,
կա՛ց, Արհիապատիւ Հայր...:
Ո՛չ իսկ լուր մը տուիր Քու մեկնումիդ...:
Գիտե՛ս, Քեզ շատ կը սիրէինք
եւ կը յարգէինք շատ:
Կը սիրէինք յարգելով ու կը յարգէինք սիրելով
Քու ներկայութիւնդ, միտքդ, գաղափարդ,
բայց մանաւանդ՝
Քու մեղմութիւնդ հայրական
ու քաղցրութիւնդ քահանայական:
Եւ Դուն, Գերապայծառ Տէր,
մեզմէ մեկնեցար առանց հրաժեշտի
եւ առանց թմբկահարումի...:
Յաւերժերթդ բռնեցիր՝ ետին ձգելով
մեծ վաստակ մը հովուական ու շինարարական,
շարք մը բազմահարիւր քարոզներու
եւ Իսթանպուլի աւագ թեմին
ժամանակակից պատմութեան համար
շատ կարեւոր երկլեզու հինգ հատորները:
Անմահական ընթացքդ քալեցիր՝ ետին ձգելով
ժպիտդ, որ փայլքն էր ներաշխարհիդ,
անդորրութիւնդ, որ արտաբոյրն էր հոգիիդ,
աչքերուդ մշտարագ թարթափը, որ նշանն էր հեզութեանդ,
քարոզ-խօսքդ, որ աւետարանումն էր Տիրոջդ,
մարեմասիրութիւնդ, որ գովքն էր երկնային Մօրդ:
Գերապայծառ Տէր,
հոս յիշուած եւ դեռ անյուշ մնացած
վաստակովդ ու բերրիութեամբդ,
բարեմասնութիւններովդ եւ առաքինութիւններովդ՝
Դուն ճամբան եղար
Քեզի մերձաւոր եւ Քեզմէ հեռաւոր հոգիներուն...:
Ինչպէս նաեւ
Դուն փարոսը հանդիսացար
ալեկոծեալ կեանքերուն...:
Այո՛, Գերապայծառ Տէր,
Դուն հայրախնամ Առաջնորդն մնացիր բոլորին,
որոնց առջեւէն քալեցիր
իբրեւ բարի՛ ու քա՛ջ Հովիւը,
ինչպէս Աստուածային Հովուապետը
ընթացաւ իր ոչխարներուն առջեւէն,
որոնք ճանչցան Անոր ձայնը,
եւ անոր ընդմէջէն՝
ճանչցան ու լսեցին Քու ձայնդ՝
քաղցրալո՛ւր, քաջալե՛ր եւ ուղեցո՛յց...:
Ո՜վ ազգակից Հայեր,
եւ մանաւանդ դուք, Պոլսահայե՜ր,
Գերպծ. Չոլաքեանի մէջ
սիրեցիք ու յարգեցիք գլխատառ
Մարդն ու Մարդասէրը,
Հայը եւ Հայասէրը,
Հոգեւորականն ու Հոգեսէրը,
Մարդկայնականը եւ Ժողովրդասէրը,
Անձնաւորութիւնն ու Հայրենասէրը:
Իր այս որակեալ յատկութիւններով,
դուք լաւագոյնս գիտէք, նախ՝ թէ ինչպէս կրցաւ
յաղթահարել ամէն տեսակի խոչընդոտ ու դժուարութիւն,
եւ, երկրորդ՝ թէ ինչպէս գիտցաւ ակնածանք պարտադրել
նկատմամբ իր անձին, կոչումին ու պաշտօնին:
Այսպէս, եօթանասո՛ւն տարիներ եւ աւելի՝ բոլորէն սիրուած ու յարգուած
Տէր Յովհաննէս Բարեհամբոյրը, Գերպծ. Չոլաքեան Ազնիւը,
առաքելագործեց իր թեմին եւ ազգին զաւակներուն
ջամբելով մարդակերտումն ու հայակերտումը,
հոգեկերտումն ու քրիստոսակերտումը:
Ահա, Գերապայծառ Տէ՛ր եւ Արհիապատիւ Հա՛յր,
վաստակաշատ առաքելութեանդ աստուածահաճոյ
ու վսեմացուցիչ նպատակներուն իրագործումին ի տես՝
Դուն միշտ լսեցիր եւ այսօր կը կրկնես սփոփիչ խօսքը
մեր Աստուածային Վարդապետին, որ Ամենագէտն է.
«Ապիկար ծառաներ ենք, ի՛նչ որ պարտական էինք ընել, ըրի՛նք» (Ղկ. 17,10):
Ահա, այս խոր գիտակցութեամբ ու ներքին բաւարարութեամբ,
Գերապայծառ Տէ՛ր եւ Արհիապատիւ Հա՛յր,
հիմա Դուն կը լսես արդար Դատաւոր-Թագաւորին սիրազեղ վճիռը.
«Ազնի՛ւ, ծառայ բարի՛ եւ հաւատարի՛մ,
մտի՛ր քու Տիրոջդ ուրախութեան մէջ» (Մտթ. 25,21) յաւիտենակա՜ն:
-Ամէ՛ն:
ԳԵՐՅ. Հ. ՅՈՎՍԷՓ Ծ. Վ. ԹՈՓԱԼԵԱՆ
Պէյրութ, 22 Սեպտեմբեր 2016