Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԻՒՖԹԻԻՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի միւֆթի Փրոֆ. Հասան Քեամիլ Եըլմազին՝ Սիւլէյմանիյէի պաշտօնատան մէջ։ Սրբազան հօր կ՚ընկերակցէին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ դիւանապետ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ 

Հանդիպման ընթացքին սրբազան հայրը յայտնեց, թէ որպէս տեղապահ, փափաքած էր քաղաքավարական այցելութեամբ անձամբ ծանօթանալ քաղաքի իսլամ հարեւաններու գլխաւոր հոգեւոր պետին հետ։ Ապա, ծանօթացուց իր հետեւորդները։ Սիրալիր տեսակցութեան ընթացքին միւֆթին հետաքրքրուեցաւ մեր համայնքի եկեղեցական եւ կրթական կեանքով։ Ան յայտնեց, թէ ինք ծնած էր Արմաշու դրացի՝ Քարաապտիւլպաքի գիւղին մէջ։ Ան ուսանած է երբեմնի Արմաշու դպրեվանքի շէնքերէն մէկուն մէջ գործող Աքմէշէի միջնակարգի երդիքին տակ։ Եըլմազ յայտնեց, թէ իր ծննդավայրի գիւղացիները փոխան Աքմէշէի կը գործածէին Արմաշ անունը։ Սրբազան հայրը, համառօտ կերպով անդրադարձաւ Արմաշու դպրեվանքի հունձքի մասին՝ յիշելով, թէ վարժարանէն հասած էին հոգեւորականներ, որոնցմէ ոմանք բարձրացած էին Պատրիարքական Աթոռ։ Փրոֆ. Հասան Քեամիլ Եըլմազ, որ ակադեմական պատրաստութեամբ օժտուած հանրածանօթ դասախօս մըն է, իր կարգին ըսաւ, թէ հանգստեան կոչուելու նախօրեակին փափաքած էր Պոլսոյ մէջ ծառայել եւ այս առթիւ իրեն յանձնուած էր այժմու պատասխանատու պաշտօնը։ Ան ընդգծեց, որ երիտասարդներ պէտք է գան եւ իրենց երէցներուն տեղը գրաւեն, հետեւելով նոյն ծառայութեան գիծին։ Պատշաճ պատուասիրութենէ յետոյ, սրբազան հայրը ի յիշատակ այս այցին, նուիրեց Պատրիարքական Աթոռի թրքերէն հրատարակութիւններէն նմոյշներ։

Այցելութեան աւարտին, սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած ջերմ հիւրասիրութեան համար եւ մաղթեց տարբեր առիթով կրկին մէկտեղուիլ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 22, 2017