ՍԻՊԻԼ ՎԱՂԸ ԱՌԱՒՕՏ ՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ԳԱՅ CNN TÜRK ՀԵՌՈՒՍՏԱԿԱՅԱՆԷՆ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ վաղը (կիրակի), առաւօտեան ժամը 10.00-ին, մեներգչուհի Սիպիլ հանդէս պիտի գայ CNN Türk հեռուստակայանէն։ Սիպիլ պիտի  ըլլայ հաղորդավար Հաքան Չելիքի հիւրը՝ «Haftasonu keyfi» ծրագրի ընթացքին։

Սիպիլ վերջերս թողարկած է «Միայն դուն» անուն ալպոմ մը։ Երաժշտասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան կ՚արժանանայ այս ալպոմը, որ թողարկուած է Սիպիլի եւ երաժիշտ Կէօքսէլ Պաքտակիրի համատեղ ջանքերով։ Ուրեմն վաղը առաւօտ CNN Türk-ի վրայ Սիպիլ եւ Կէօքսէլ Պաքտակիր միասնաբար հանդէս պիտի գան՝ հիւրընկալուելով հաղորդավար Հաքան Չելիքի կողմէ։ Հեռատեսիլային այս ծրագիրը ունի նաեւ առանձնայատկութիւն մը։ Այսպէս, սոյն ալպոմի առթիւ պատրաստուած տեսահոլովակը առաջին անգամ հեռուստապաստառի վրայ պիտի սփռուի վաղը առաւօտեան ծրագրին ժամանակ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 22, 2018