ԼՈՒՐՋ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆ

Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր յայտարարեց, որ թրքահայութիւնը կը դիմագրաւէ ծանր մարտահրաւէրներու ժամանակաշրջան մը եւ իրենք բացարձակապէս կողմնակից չեն՝ այս փուլին հաստատութիւններու կորուստի։ Իր խօսքով՝ հակառակ ծանր կացութեան, պէտք է անպայման երաշխաւորուի մեր վարժարաններու գոյութիւնը, անոնք պէտք է միացման վտանգէ զերծ մնան եւ դժուարութիւնները պէտք է յաղթահարուին համայնքային կառոյցներու ամբողջական պահպանումով, ներառեալ մեր մամուլը։

Շաբաթավերջին Սամաթիոյ մէջ նախատեսուած է աւանդական մատաղօրհնութիւն, որ այս տարի քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով կը կազմակերպուի արտասովոր պայմաններու ներքեւ։ Այսպէս, մի միայն եկեղեցական արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան, իսկ աշխարհիկ հանդիսութիւնները, սիրոյ սեղանը ջնջուած են՝ կանխելու համար կուտակումները։ Յամենայնդէպս, թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի համար տարեկան հանգանակութիւնը պիտի կատարուի, իբր այդ Սամաթիոյ ընտանիքին տեսակէտէ մատաղօրհնութեան ճակատագրական նշանակութիւնը կը մնայ անփոփոխ։

Երէկ, շաբաթավերջի մատաղօրհնութեան ընդառաջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ ընտանիքի ներկայացուցիչները, որոնց հետ ունեցանք հետաքրքրական զրոյց մը։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր, խորհուրդի ժրաջան անդամներէն Նուրհան Տավուլճեան, ինչպէս նաեւ Սահակեան-Նունեան վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Տիանա Եըլանճըօղլու եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Պելինտա Մըխճըօղլու, որոնք շահեկան բացատրութիւններ տուին մատաղօրհնութեան վերաբերեալ ակնկալութիւններուն եւ դպրոցի ընդհանուր կացութեան շուրջ։

Մեր զրուցակիցները դիտել տուին, որ առկայ կարիքներն ու անոնց վրայ աւելցած համաճարակով պայմանաւորուած դժուարութիւնները՝ լուրջ քննութեան մը մթնոլորտը ստեղծած են թրքահայ իրականութեան տեսակէտէ։ Այս փուլին, շաբաթավերջի մատաղօրհնութեան ընդառաջ Սամաթիոյ ընտանիքը կ՚ապաւինի համայնքային շրջանակներու զօրակցութեան՝ երաշխաւորելու համար Սահակեան-Նունեան վարժարանի առաքելութեան կայունութիւնը եւ գործունէութեան ընդհանուր արդիւնաւէտ երթը։ Ատենապետ Եսայի Տեմիր զրոյցի ընթացքին դիտել տուաւ, որ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը վճռակամութեամբ տոգորուած է Սահակեան-Նունեան վարժարանի գոյութիւնը երաշխաւորելու եւ յարատեւ վերելքը ապահովելու ճանապարհին։ Իրենք նուիրական պատասխանատուութիւն մը կը նկատեն այս բոլորը։ Մինչ այդ, առկայ ծանր կացութիւնը նկատի ունենալով՝ Սամաթիոյ ընտանիքը անկեղծութեան փորձաքարի մը առջեւ կը համարէ մեր ունեւոր հաստատութիւնները, որոնք պատրաստակամ պէտք է ըլլան հաւաքական ծով կարիքները դիմագրաւելու ճանապարհին, սիրայօժար տրամադրելով իրենց միջոցները։ Ըստ Եսայի Տեմիրի, համայնքէն ներս զօրակցութեան մթնոլորտի տեսակէտէ կան դրական ազդանշաններ։ Վերջին շրջանին Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդն ալ սկսած է միանալ կարիքաւոր վարժարաններու օժանդակութեան շարժումներուն։ Եսայի Տեմիր յոյս յայտնեց, որ այս տեսանկիւնէն կացութիւնը յառաջիկայ շրջանին հետզհետէ պիտի բարելաւուի։ Սոյն շրջանակին մէջ ան մասնաւորապէս կարեւոր համարեց դիրքորոշումը այն եկեղեցիներու մատակարար մարմիններուն, որոնք զերծ են դպրոց մը հովանաւորելու ստիպողութիւններէն։ Անոնց շարքին ալ կը գտնուին թաղեր, որոնք կը տնօրինեն անանտեսելի հարստութիւն մը։ Ճիշդ է, որ անոնց շարքին ալ կը գտնուին կարիքաւորներ, սակայն այդ կարիքները արդէն կը բարձրաձայնուին։ Իսկ անոնք, որոնք լուռ են, ունին որոշ հնարաւորութիւններ։ Կան ոմանք, որոնք իրենց տնօրինած միջոցներէն բաժին դուրս կը բերեն համայնքին համար։ Դժբախտաբար կան նաեւ անտարբերներ, որոնք զօրակցութեան ուղղութեամբ չկամութիւն կը դրսեւորեն։ Եսայի Տեմիրի մաղթանքն է, որ այդպիսիները վերատեսութեան ենթարկեն իրենց դիրքորոշումը։ Միայն այդպիսի գիտակցութիւնով մը հնարաւոր պիտի ըլլայ դուրս գալ ներկայ ծանր շրջանէն, առանց հաստատութիւն մսխելու այս դժուարին փուլին, որպէսզի յետոյ ժամանակը ուշ չըլլայ եւ համայնքը զղջումի առիթներ չունենայ։ Եսայի Տեմիրի խօսքով, ներկայ տարին այս առումով անկիւնադարձ մը կը համարուի։ Մարդիկ ինչ որ ալ ընեն, ապահովաբար, մեր վարժարանները վերջին հաշուով պիտի գոյատեւեն։ Բայց եւ այնպէս, եթէ առկայ ծանր կացութիւնով հանդերձ մեր հաստատութիւնները չկարողանան աւելի գործնական եւ ազդու իրերօգնութեան ճանապարհներ գտնել, ապա Սամաթիոյ թաղային խորհուրդի պատկերացումները հիմնովին պիտի փոխուին՝ համայնքի ընդհանուր զօրակցութեան մթնոլորտին տեսակէտէ։

Այցելութեան ընթացքին տնօրէնուհիները Տիանա Եըլանճըօղլու եւ Պելինտա Մըխճըօղլուն ալ բազմակողմանի տեղեկութիւններ փոխանցեցին Սահակեան-Նունեան վարժարանին շուրջ։ Անոնք դիտել տուին, որ համաճարակով պայմանաւորուած դժուարութիւններով՝ Սահակեան-Նունեան վարժարանը դիմաւորած է արտասովոր վերամուտ մը։ Այս շրջանին իրենց առաջնահերթութիւնն է նախեւառաջ բոլորի առողջութիւնը երաշխաւորել եւ կրթադաստիարակչական գործունէութիւնն ալ չկաղացնել։ Սա յարափոփոխ պայմաններով ժամանակաշրջան մըն է, երբ յաճախ նոր կարգադրութիւններ եւ տնօրինութիւններ կը կատարուին նաեւ իշխանութիւններուն կողմէ։ Այս բոլորով հանդերձ, Սահակեան-Նունեան վարժարանը ունեցած է ձեռքբերումներ։ Անցեալ տարուընէ սկսեալ դպրոցը հեռավար ուսուցման առումով կտրած է լուրջ ճանապարհ։ Երբ արդէն յայտնի դարձած է, որ հեռավար ուսուցումը տակաւին միջոց մը անխուսափելի պիտի ըլլայ, դպրոցի ղեկավարութիւնը անմիջապէս դիմած է համարժէք քայլերու։ Անցեալ տարեշրջանին ձեւաւորուած նախընթացներու եւ փորձառութեան հիման վրայ արդէն ստեղծուած է Սահակեան-Նունեան վարժարանի առցանց հարթակը։ Սա կարեւոր նուաճում մըն է կրթական աշխատանքը կայուն տեւականացնելու համար։ Ներկայիս դպրոց կը յաճախեն միայն ութերորդ եւ տասներկրորդ դասարաններու աշակերտները, որոնք այս կրթական շրջանի աւարտին քննութիւններու պիտի մասնակցին՝ լիսէ կամ համալսարան մտնելու համար։ Անցեալ տարի անակնկալօրէն առնուած արմատական որոշումները թէեւ խոչընդոտներ յարուցած էին, սակայն դպրոցի սաները նորէն ալ յաջողեցան քննութիւններու մէջ։ Այս պահուն հիմնական խնդիրը կը համարուի սիսթեմաթիկ ձեւով յառաջ տանիլ կրթադաստիարակչական գործը։ Աշակերտներու պարտականութիւններու հետապնդումէն սկսեալ, մինչեւ առարկաներու բաժանումը՝ կարեւոր խնդիրներ պէտք է լուծուին հեռավար ձեւով։ Տնօրէնուհիները դիտել տուին, որ առցանց հարթակը այս ճանապարհին անփոխարինելի դերակատարութիւն կ՚ունենայ։ Իրենց խօսքով՝ դասաւանդութիւնը թէեւ կ՚ըլլայ հեռավար, սակայն իրենք ընթացքին կը հետեւին, տղոց աշխատանքը կը հետապնդեն բաւական մօտիկ եւ անմիջական վերահսկողութեամբ։

Այս բոլոր բացատրութիւնները լսելէ վերջ, զրոյցի եզրափակիչ փուլին Սամաթիոյ ընտանիքի ներկայացուցիչներուն հետ կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան համայնքային օրակարգի զանազան նիւթերուն շուրջ։ Ատենապետ Եսայի Տեմիր անդրադարձաւ նաեւ Պալըքլըի ազգային գերեզմանատունէն ներս ձեռնարկուած լայնածաւալ աշխատանքներուն, որոնց մանրամասնութիւններուն տեղ տուած էինք վերջին օրերուն։ Թաղականները նշեցին, որ գերեզմանատան բարեկարգման առընթեր կը ձգտին շեշտադրել նաեւ անոր՝ հաւաքական յիշողութեան տեսակէտէ կարեւոր բնոյթը։ Այնտեղ թաղուած պատմական անձնաւորութիւններու, խորհրդանշական մարդոց շիրիմները այնպիսի վերաբերմունքի մը առարկայ պիտի դարձուին, որ բոլորին կողմէ ընկալելի պիտի ըլլան եւ անոնց միջոցաւ մարդոց խորհրդանշական բանալիներ պիտի մատուցուին՝ մեր արժէքներուն հաղորդ դառնալու ճանապարհին հետաքրքրութիւն յառաջացնելու տեսակէտէ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2020