Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՆԻՒ ԵՈՐՔ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր ընդունեց Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը։

Սրբազան Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ եւ Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանի համամտութեամբ ու օրհնութեամբ, հայր սուրբը այսօր միջօրէին կը ճամբորդէ դէպի Նիւ Եորք եւ ժամանակաւորապէս իր կեցութիւնը կը հաստատէ Ս. Ներսէս ճեմարանէն ներս։ Կեցութեան օրերուն հայր սուրբը կը մասնակցի զանազան արարողութեանց, ինչպէս նաեւ Ս. Ներսէս ճեմարանի առօրեային։

Նախքան ուղեւորութիւնը, հայր սուրբը օրհնութիւնը ստացաւ մեր Հոգեւոր Պետին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր հայրական հոգածութեան համար։ Ուղեւորութեան սեմին հայրական թելադրութիւններ ընելով օրհնութիւնը տուաւ Աթոռի երիտասարդ միաբանին եւ յաջողութիւն մաղթեց իրեն սոյն կեցութեան շրջանին։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2022