ՆԱԽԸՆՏՐԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Նո­յեմ­բե­րի 1-ին կա­յա­նա­լիք խորհր­դա­րա­նա­կան կան­խա­հաս ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ըն­դա­ռաջ, բո­վան­դակ Թուր­քիոյ ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցած է ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն վրայ։ Երկ­րէն ներս կ՚ապ­րուի ու­ժե­րու վե­րա­դա­սա­ւոր­ման գոր­ծըն­թաց մը։ Քա­ղա­քա­կան հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րու վե­րա­ձե­ւա­ւո­րու­մը փո­փո­խու­թիւն­ներ կը մտցնէ զա­նա­զան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու եւ հա­սա­րա­կու­թեան զա­նա­զան խա­ւե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու դրուած­քին մէջ։ Միջ­կու­սակ­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ծի­րին մէջ եւս կը յա­ռա­ջա­նան նոր խմո­րում­ներ, ի վեր­ջոյ նաեւ հա­մա­պա­տաս­խան վե­րա­բա­նա­ձե­ւում կ՚ու­նե­նան քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րուն կող­մէ հան­րա­յին կար­ծի­քին փո­խան­ցուած պատ­գամ­նե­րը։ Այս մթնո­լոր­տէն բա­ժին դուրս կու գայ նաեւ թրքա­հայ հա­մայն­քին հա­մար։ Ընտ­րու­թեան ար­դիւն­քը այն­քան նուրբ գոր­ծօն­նե­րէ կա­խում ու­նի, որ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը չեն փա­փա­քիր ան­տե­սել հա­սա­րա­կու­թեան նոյն­իսկ ա­մե­նա­հա­մեստ նե­րու­ժով, սահ­մանա­փակ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով շեր­տե­րը։ Այս ե­րե­ւոյ­թը պատ­ճառ կը դառ­նայ, որ մեր հա­մայն­քին ուղ­ղեալ պատ­գամ­ներն ալ ուղ­ղա­կիօ­րէն հա­ղոր­դուին կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն կող­մէ։

Ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին, յա­ռա­ջի­կայ վա­ղա­հաս ընտ­րու­թիւն­նե­րու նա­խօ­րեա­կին խմբագ­րա­տունս այ­ցե­լեց ընդ­դի­մա­դիր ՃՀՓ­-ին կող­մէ խումբ մը։ Ան­ցեալ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն յա­ջոր­դած քա­ղա­քա­կան ի­րադ­րու­թեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, ըստ զա­նա­զան հար­ցա­խոյզ­նե­րու տուեալ­նե­րուն, ընդ­դի­մա­դիր այս կու­սակ­ցու­թիւ­նը ա­պա­հո­ված է ո­րոշ վե­րելք մը։ Այժ­մու կան­խա­տե­սում­նե­րով՝ ՃՀՓ լուրջ յե­նա­րան մը չու­նի միա­հե­ծան կա­ռա­վա­րու­թիւն մը կազ­մե­լու ա­ռու­մով, սա­կայն հա­ւա­նա­կան հա­մա­խո­հու­թեան մը ձե­ւա­ւոր­ման պա­րա­գա­յին կրնայ մաս կազ­մել իշ­խա­նու­թեան։ Հե­տե­ւա­բար, թէ՛ հան­րա­յին կար­ծի­քը սկսած է ա­ւե­լի ու­շադ­րու­թեամբ հե­տե­ւիլ այս կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ փո­խան­ցուած ազ­դան­շան­նե­րուն եւ թէ ՃՀՓ սկ­սած է շատ ա­ւե­լի չա­փուած-կշռուած, հա­մա­պար­փակ մօ­տե­ցում­նե­րով հան­դէս գալ հան­րու­թեան առ­ջեւ։

ՃՀՓ­-ա­կան­նե­րը խմբագ­րա­տունս այ­ցե­լե­ցին փոխ-կու­սակ­ցա­պետ Սեզ­կին Թան­րը­քու­լուի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ։ Խում­բին մաս կը կազ­մէին նաեւ Իս­թան­պու­լի երկ­րորդ ընտ­րաշր­ջա­նէն ե­րես­փո­խա­նի թեկ­նա­ծու ա­ռա­ջադ­րուած Սե­լի­նա Տո­ղան եւ Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Վազ­գէն Պա­րըն։ Հարկ է յի­շեց­նել, որ Սե­լի­նա Տո­ղան թեկ­նա­ծու­թեան ցու­ցա­կին վրայ կը պա­հէ իր ա­ռաջ­նա­հերթ դիր­քը եւ ո­րե­ւէ ռիսք չու­նի՝ խորհր­դա­րան մուտք գոր­ծե­լու, ե­րես­փո­խան վե­րընտ­րուե­լու ա­ռու­մով։

Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Սեզ­կին Թան­րը­քու­լու ընդգ­ծեց, թէ ՃՀՓ ոս­տու­մի շրջան մը թե­ւա­կո­խած է եւ ար­դիւն­քին կրնայ իշ­խա­նու­թեան գլուխ գալ մօ­տա­լուտ ընտ­րու­թիւն­նե­րէն վերջ, հա­մա­խո­հու­թեան մը ձե­ւա­չա­փին մէջ։ Հա­շուի առ­նե­լով, որ ընտ­րա­պայ­քա­րի շրջագ­ծով նոյնիսկ մէկ քուէն չա­փա­զանց կա­րե­ւոր է, ՃՀՓ­-ա­կան­նե­րը կոչ ուղ­ղե­ցին՝ որ­պէս­զի մեր հա­մայնքն ալ այս ճա­կա­տագ­րա­կան հանգ­րուա­նին զօ­րակ­ցի այս կու­սակ­ցու­թեան, որ կը ձգտի ա­ւե­լի կա­տա­րեալ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ երկ­րէն ներս հիմ­նա­րար ա­զա­տու­թիւն­նե­րու ամ­րապնդ­ման։ Փոխ-կու­սակ­ցա­պետ Թան­րը­քու­լու ընդգ­ծեց, թէ ՃՀՓ ներ­քին բա­րե­փո­խում­նե­րու եւ վե­րա­կա­ռուց­ման, վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման շրջա­նէ մը ան­ցած է եւ այս հի­ման վրայ այժմ շատ ա­ւե­լի մեծ ե­ռան­դով հե­տա­մուտ է այն ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք պէտք է տեղ զբա­ղեց­նեն սո­ցիալ-դե­մոկ­րատ կու­սակ­ցու­թեան մը ծրագ­րին վրայ, ա­նոր գոր­ծու­նէու­թեան ամ­բող­ջին մէջ։ Այս հսկա­յա­ծա­ւալ աշ­խա­տան­քը, բնա­կա­նա­բար, ՃՀՓ­-ի տե­սան­կիւ­նէն ու­նե­ցած է, նաեւ ու­նի դժուա­րու­թիւն­ներ, ո­րով­հե­տեւ այս կու­սակ­ցու­թիւ­նը կանգ­նած է Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կա­նու­թեան ա­կունք­նե­րուն եւ ան­ցեալ ի­նն­սուն տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին ապ­րուած բո­լոր ձա­խո­ղում­նե­րուն հա­մար պա­տաս­խանա­տուու­թիւն մը կը վե­րա­գրուի ա­նոր։ Մնաց, որ ՃՀՓ այ­սօր պատ­րաս­տա­կամ է ան­ցեա­լի մէջ ապ­րուած ցա­ւե­րը բաժ­նե­լու, ա­նոնց բո­լոր հե­տե­ւանք­նե­րով հան­դերձ։ Ըստ Թան­րը­քու­լուի, կու­սակ­ցու­թիւ­նը կը նա­խա­տե­սէ այս ամ­բողջ աշ­խա­տան­քին հի­ման վրայ ա­պա­հո­վել ա­ւե­լի լայն հա­սա­րա­կա­կան զօ­րակ­ցու­թիւն մը եւ մաս­նակ­ցիլ մեր երկ­րի ա­պա­գա­յի կերտ­ման ջան­քե­րուն։

Իր կար­գին, Սե­լի­նա Տո­ղանն ալ շեշ­տեց, որ յա­րա­տեւ աշ­խա­տանք կը տա­նի, որ­պէս­զի հա­սա­րա­կու­թեան ան­տե­սուած բո­լոր խա­ւե­րուն խնդիր­նե­րը ու­նե­նան հնչո­ղու­թիւն եւ այդ­պէ­սով յաղ­թա­հա­րուի ա­նոնց նկատ­մամբ ան­տար­բե­րու­թիւ­նը եւ ա­նոնք մտնեն լուծ­ման հու­նի մէջ։ Ան ա­ւել­ցուց, որ Շիշ­լիի շրջա­կայ­քին կը շա­րու­նա­կուի կու­սակ­ցու­թեան աշ­խոյժ նա­խընտ­րա­կան քա­րո­զար­շա­ւը եւ այդ մէ­կը դրա­կան ար­ձա­գանգ կ­՚ու­նե­նայ նաեւ հայ հա­մայն­քի ընտ­րող­նե­րուն մօտ։ Ըստ Սե­լի­նա Տո­ղա­նի, ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ կ՚ի­րա­կա­նա­նան նաեւ վեր­ջին շրջան­նե­րու հան­դի­պում­նե­րը՝ ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լուի եւ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն մի­ջեւ։

Ի լրումն այս բո­լո­րին, Սե­լի­նա Տո­ղան անդ­րա­դար­ձաւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի ար­խիւ­նե­րու թուայնաց­ման վե­րա­բե­րեալ՝ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հու­թեան ներ­կա­յա­ցուած, կա­ռա­վա­րու­թեան ուղ­ղեալ իր կող­մէ պատ­րաս­տուած հարց­ման ա­ռա­ջար­կին։ Ան յայտ­նեց, որ մի­ջան­կեալ շրջա­նին հնա­րա­ւոր չէր ե­ղած այս նիւ­թին շուրջ հաս­նիլ շօ­շա­փե­լի զար­գա­ցու­մի մը եւ խոս­տա­ցաւ նոր շրջա­նին եւս հե­տապն­դել այս հար­ցը։

Այ­ցե­լու­թեան ա­ւար­տին ՃՀՓ­-ա­կան­նե­րը խմբագ­րա­տանս մէջ նկա­րա­հա­նուե­ցան՝ հրա­ժեշտ առ­նե­լէ ա­ռա­ջ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2015