«ՀԱՐՍԱՆԻՔ ՈՒՆԻՆՔ…»

Երէկ, համայնքային շրջանակները Գումգաբուի մէջ ժամադրուած էին՝ Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանին առթիւ։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս այս առթիւ ստեղծուեցաւ մեծ եռուզեռ, ինչ որ աւելի վերջ վերածուեցաւ իսկական տօնակատարութեան։ Կեդրոնականի այս տարուան սիրոյ սեղանը, առանց չափազանցութեան, անկիւնադարձային եղաւ, որովհետեւ երկար ժամանակ վերջ առաջին անգամ արդիւնքը եղաւ գոհացուցիչ, հանգանակութիւնը արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը։ Մեր վարժարաններու ապագային վերաբերեալ ստեղծուած յոռետեսութեան դէմ համայնքը կարծես պոռթկաց եւ Կեդրոնականի սիրոյ սեղանը դարձաւ այդ պոռթկումի հարթակը։ Կեդրոնականի սիրոյ սեղանը վերածուեցաւ առիթի մը՝ որպէսզի մեր համայնքը ամուր կամք դրսեւորէ վարժարաններու ապագային տէր կանգնելու ճանապարհին։ Ուստի, երէկուան սիրոյ սեղանի հանգանակութիւնով միայն Կեդրոնականը չէ, որ շահեցաւ, այլեւ այդ միջոցաւ շահեցաւ մեր ամբողջ համայնքը, որ տօնեց իր միասնականութեան, զօրակցութեան ողջունելի արդիւնքը, նաեւ ամենակարեւորը՝ վերագտաւ ձեւով մը իր ինքնավստահութիւնը։

Մայր եկեղեցին լեցուն էր երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ։ Արարողութիւններուն նախագահեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Պատարագեց Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Ներկայ էին՝ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան եւ Տ. Եղիա Ա. Քհնյ. Քերվանճեան։ Ս. սեղանին սպասարկեցին Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Կեդրոնական դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ովսաննա Գալէնտերի եւ երգեհոնահարութեամբ Քրիստին Սալմասլըի։ Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն եւ հոգեհան-գըստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ Կեդրոնականի հիմնադիր երջանկայիշատակ Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի շիրմին մօտ, որ կը գտնուի Մայր եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ: Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ քահանայ հայրեր։ Ներկաներու շարքին էին՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, բարերարներ, ծանօթ ազգայիններ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, զանազան սերունդներէ կեդրոնականցիներ եւ հիւրեր։ Կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Հայկ Ասլանեան, Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ իր գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարպիս Պալմումճու, տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները, որոնք համա-խըմբուած էին՝ տիկնանց յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած սեղաններուն շուրջ։ Հաւաքոյթի ընթացքին բիւր յարգանքով վերյիշուեցան հայ ժողովուրդի ծոցէն հասած նորոգ հանգուցեալ երկու մեծութիւններ՝ Շարլ Ազնաւուր եւ Արա Կիւլէր, որոնց յիշատակին առջեւ բոլորը բերին իրենց խոնարհումը։

Օրուան յայտագիրը գործադրը-ւեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Սալբի Մորի։ Վարժարանէն խումբ մը սաներ սրահ մուտք գործեցին «Հարսանիք ունինք» երգելով՝ ժողովրդական նուագարաններու հնչիւններով։ Յայտագրի ողջ տեւողութեան դպրոցի սաներուն վերապահուած էր առանցքային դերակատարութիւն։ Տղաքը ներկայացուցին պարեր, պաստառներով տողանցեցին՝ դպրոցի վերաբերեալ պատմական ու վիճակագրական տուեալներ յանձնելով ներկաներու ուշադրութեան։ Արտայայտուեցան նաեւ վերջին շրջանաւարտներէն համալսարանական ներկայացուցիչներ։ Նկատի ունենալով, Կեդրոնականի այս տարուան սիրոյ սեղանը Հայ մշակոյթի շաբթուան հետ կը համընկնէր՝ յայտագրի տեւողութեան անդրադարձ կատար-ւեցաւ նաեւ համապատասխան զգայնութիւններու։ Յայտագրի գեղարուեստական բաժինը վերահսկած էր հայերէնի ուսուցչուհի Նաթալի Պաղտատ Թուրաչ։

Կեդրոնականի ընտանիքին անունով ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Յարութիւն Էպէօղլու եւ Սիլվա Գույումճեան, որոնք դպրոցի կացութեան եւ գործունէութեան նպատակներուն շուրջ տուին տեղեկութիւններ։

Հուսկ բանքը ըրաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ նախ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Կեդրոնականի տնօրէնութեան կողմէ պատրաստուած ու ներկաներու տրամադրութեան տակ դրուած գրքոյկին մասին, որու շնորհիւ յաչս բոլորին պարզ կը դառնան հաստատութեան մասին բազմակողմանի տուեալներ։ Նորին սըր-բազնութիւնը աւելի վերջ մէջբերեց Կեդրոնականի հիմնադիր Վարժապետեան Պատրիարքի խօսքը. «Ազգի փրկութիւնը կը սպասեմ դպրոցներէն»։ Այս միտքը զարգացնելով՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նշեց, որ ազգի փրկութիւնը կախում ունի եկեղեցիէն եւ դպրոցէն։ Հաւատքն ու գիտութիւնը միասին, զուգահեռ պէտք է ընթանան մեր պարագային։ Եկեղեցին կը խորհրդանշէ հաւատքն ու սէրը, իսկ դպրոցը՝ յոյսը։ Հետեւաբար ազգի գոյութիւնը կախում ունի եկեղեցիէն եւ դպրոցէն։

«Լուսաւորիչները, վարդանանք, թարգմանիչները, մեր գրագէտներն ու մտաւորականները եթէ չըլլային, ազգը ինչպէ՞ս ոտքի մնացած պիտի ըլլար։ Անոնք են, որ պահած են մեր ազգը՝ ծնունդ առած ըլլալով դպրոցէն։ Դպրոցը մեր յոյսն է։ 1915-էն առաջ շուրջ երկու հազար դպրոց ունեցած ենք։ Այսօր հազիւ 15 հատ մնացած է։ Ապագային մեր դպրոցները պիտի փակուի՞ն, թէ ոչ։ Սա ցոյց պիտի տայ ժամանակը։ Բայց որքան ատեն, որ մեր դպրոցները բաց են, պէտք է մակարդակը բարձրացնել։ Մակարդակը բարձրացնենք՝ որպէսզի հասնին մտաւորականներ եւ ազգը յարատեւէ։ Եթէ դպրոցն ու եկեղեցին տկարանան, ապա յոյս չենք ունենար գոյատեւելու», ըսաւ ընդհանուր փոխանորդը։

Աւելի վերջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտնեց, որ երէկուան սիրոյ սեղանի արդիւնքը եղած էր գոհացուցիչ եւ սա կ՚ապացուցանէ, թէ համայնքը դեռ կանգուն է։ «Այսօր ուրախ ենք, սակայն անցեալ շաբաթ տխուր էինք։ Ֆէրիգիւղը պիւտճէի բացին միայն գրեթէ կէսը կարողացաւ փակել։ Մեր համայնքէն ներս այս վէրքը պէտք է դարմանուի։ Մեր մաղթանքն է, որ մեր հաստատութիւններէն որեւէ մէկը պիւտճէի բաց չունենայ։ Եթէ մեր համայնքի բոլոր անհատները յանձնառութիւն ունենան, ապա մենք հարց չենք ունենար։ Բոլորս պէտք է մասնակցինք այս գործին», շարունակեց ան։

Հուսկ բանքի վերջին բաժնին մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան գնահատեց Կեդրոնականի ընտանիքի վարիչները, նաեւ ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի անձին մէջ դրուատեց հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը, որ այս տարի վերսկսած է մեր դպրոցներուն աջակցիլ։

Երէկուան հաւաքոյթի մասնակիցները առանձնայատուկ համակրանքի առարկայ դարձուցին յայտնի բարերար ու Կեդրոնականի սան Հայկ Ասլանեանը, որ տասներեք տարիէ ի վեր անընդմէջ կը գլխաւորէ սիրոյ սեղանի կարգադիր յանձնախումբը եւ լուրջ նեցուկ կ՚ապահովէ դպրոցին։

Սիրոյ սեղանը աւարտին հասաւ միաբերան երգուած Տէրունական աղօթքով։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2018