ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻ

Այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ Կեդրոնական վարժարանին ի նպաստ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանը։ Սա շատ կարեւոր փուլ մըն է վարժարանին համար, որովհետեւ Կեդրոնականն ալ այս շրջանին միւսներուն նման կը դիմագրաւէ ծանր դժուարութիւններ։ Կեդրոնականի ընտանիքը թափով կը պատրաստուի տարեկան սիրոյ սեղանին եւ կը ջանայ հանգանակութենէն առաւել արդիւնք քաղել։

Սիրոյ սեղանին ընդառաջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն, որուն կ՚ընկերանային գործակիցներէն Վարդավառ Ճաւաք եւ Ռաֆֆի Եազմաճը։ Խնամակալները բացատրութիւններ տուին դպրոցի ընդհանուր կացութեան, պիւտճէի հաւասարակշռութիւններուն եւ այժմու կարիքներուն շուրջ։ Խնամակալութիւնը լիայոյս է, որ այս տարուան սիրոյ սեղանի արդիւնքը պիտի ըլլայ քիչ մը աւելի գոհացուցիչ եւ պիտի հասնի՝ հաստատութեան երթի կայունութիւնը երաշխաւորելիք մակարդակին։

Միւս կողմէ, մատաղօրհնութեան ընդառաջ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ներկայացուցիչները այցելեցին Պատրիարքարան, ուր ներկայացան տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին։ Ներկայ էր նաեւ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2019