Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԹՈՐՈՍ ԱԼՃԱՆԸ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ ընդունեց Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ եւ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճանը։ Նկատի ունենալով, որ Թորոս Ալճան վերջին օրերուն փրոֆեսէօրի տիտղոս ստանալու առթիւ արժանացած էր նորին սրբազնութեան գնահատանքին՝ փափաքած էր Պատրիարքարան այցելելով յայտնել իր որդիական երախտիքը։ Զրոյցի տեւողութեան տեղապահ սրբազան հայրը ընդգծեց, որ համայնքի անդամներուն յաջողութիւնները մեծ ուրախութեան առիթ են Պատրիարքական Աթոռին տեսակէտէ։

Հանդիպման աւարտին նորին սրբազնութիւնը փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու գնահատանքը եւ Թորոս Ալճանին յաջողութիւն մաղթեց ապագայ գործունէութեան համար։ (Լուսանկարը՝ Պատրիարքարանէն)

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2017