ԲԱԽՏՈՐՈՇ ՍՊԱՍՈՒՄ
Համայնքային շրջանակները այս շաբաթավերջին ժամադրը-ւած են Գումգաբուի մէջ՝ Գալֆաեան Տան ի նպաստ տարեկան սիրոյ սեղանին համար։ Հանգանակութեան ընդառաջ նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խըմ-բագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ներկայացուցիչները՝ Տանիէլ Անթիքաճեանը, Արամ Քալենտէրը եւ Յարութիւն Շէշէթեանը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մանրամասն բացատրութիւններ տուին դպրոցի ներկայ վիճակին եւ շաբաթավերջի աւանդական սիրոյ սեղանի վերաբերեալ ակնկալութիւններուն շուրջ։ Արդարեւ, Գալֆաեան այս տարի եւս տնտեսական ծանր բեռի մը տակ է եւ տարեկան պիւտճէի գոնէ մասամբ հաւասարա-կըշռութեան համար կ՚ապաւինի համայնքի զօրակցութեան։
Այս տարուան սիրոյ սեղանին ընդառաջ խնամակալութիւնը արդէն կ՚անդրադառնայ Գալֆաեան Տան ինքնաբաւ դառնալու հեռանկարին, ինչ որ մեր համայնքին տեսակէտէ շատ կարեւոր պարագայ մըն է։ Վերջին տարիներուն Գալֆաեանը գրեթէ առաջին շարքի վրայ է մեր այն հաստատութիւններու կարգին, որոնք նիւթական շատ ծանր պայմաններ կը դիմագրաւեն։ Այս դժուարութիւններուն զուգահեռ մօտաւոր անցեալին Գալֆաեան Տան եւ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւններուն միջեւ ստորագրուած էր համաձայնագիր մը՝ Պատրիարքարանի երդիքին տակ։ Այդ համաձայնագիրը կը նախատեսէր երկու դպրոցներու պարագային համատեղ կառավարման եւ աշակերտներու ուղղեալ զանազան ծառայութիւններու միասնական ձեւով մատուցման դրութիւն մը։ Ներկայիս, համայնքային շրջանակներու օրակարգը կը զբաղեցնէ նաեւ ուրիշ հարցում մը։ Արդարեւ, արդէն պաշտօնապէս հրապարակուած է, որ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան տնօրինման յանձնուած է՝ պետութեան կողմէ որպէս հատուցում լուրջ գումար մը եւ մօտաւոր անցեալին ստորագրուած համաձայնութեան լոյսին տակ այդ միջոցները պէտք է օգտագործուին նաեւ Ս. Խաչ դպրեվանքի զուգահեռ Գալֆաեան Տան համար եւս։ Տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանին ընդառաջ Գալֆաեան Տան խնամակալութիւնը կը լուսաբանէ նաեւ այս նիւթի վերաբերեալ, նման ակնկալութիւններու վերաբերեալ մօտեցումները։ Արդարեւ, մեր զրոյցին ընթացքին ալ խնամակալութեան ներկայացուցիչները նշեցին, որ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը տակաւին վերջնականօրէն չէ որոշած, որ իրեն հասած կամ իրեն տնօրինութեան յանձնուած այդ գումարները ինչպէս պիտի օգտագործէ աստիճանաբար՝ մանաւանդ, որ ներկայիս նախ տոկոսները սպասելու եւ այդ տոկոսներու որոշ կուտակման մը հասնելու տեսակէտէ սպասման վիճակ մըն է։ Երկու հաստատութիւններու խնամակալութիւնները հնարաւորինս համակարգը-ւած ձեւով աշխատանք կը տանին միջոցէ մը ի վեր։ Անոնց բուն համագործակցութեան հասարակաց յայտարարը կը համարուի այն հանգամանքը, որ երկու կրթական հաստատութիւններն ալ գիշերօթիկ են։ Այդ հասարակաց յայտարարին վրայ կը նախատեսուէր գիշերօթիկ ուսուցում մատուցելու յարմարութեամբ համալիր մը կառուցել, սակայն պարագաները արդէն ունեցան տարբեր ուղղութիւն եւ ներկայիս այս առումով յստակութիւն մը չկայ։ Յամենայնդէպս, երկու հաստատութիւններու ղեկավարութիւններուն միջեւ համագործակցութեան որոշ կամք մը կը պահպանուի։
Ի լրումն այս բացատրութիւններուն, Գալֆաեան Տան խնամակալները մեզի կարեւոր բացատրութիւններ տուին նաեւ ուրիշ նիւթի մը շուրջ։ Արդարեւ, Գալֆաեանը Գարթալի շրջանին անցեալի մէջ ունեցած է ընդարձակ տարածք մը։ Ժամանակի ընթացքին այդ տարածքը արդէն առգրաւուած է։ Ներկայիս, խնամակալութիւնը իրաւական պայքար կը մղէ՝ այդ տարածքի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու նպատակով։ Շուրջ երկու-երեք տարիէ ի վեր դատական իշխանութիւններուն մօտ կ՚ընթանայ գործընթաց մը։ Դատավարութիւններ կատարուած են եւ անոնց արդիւնքին համար բախտորոշ սպասումի մը մթնոլորտը կը տիրէ ներկայիս։ Ըստ խնամակալութեան ներկայացուցիչներու բացատրութիւններուն՝ եթէ Գալֆաեանի այդ դատը դրական արդիւնքի մը հասնի, ապա այս հաստատութիւնն ալ ընդարձակ տարածքի մը պիտի տիրանայ եւ այդ տարածքի արժեւորումը բաւարար պիտի ըլլայ իր ապագան երաշխաւորելու տասակէտէ։ Եթէ այդ ընդարձակ տարածքի պարագային դատական իշխանութիւնները դրական վճիռ մը արձակեն, ապա գործնականօրէն Գալֆաեանին առջեւ ալ պիտի ուրուագծուի ինքնաբաւ հաստատութիւն մը դառնալու հեռանկարը եւ այդ պարագային արդէն նոյնպէս գործնականօրէն Գալֆաեան որեւէ ձեւով կարիք պիտի չունենայ ապաւինելու Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան կողմէ յատկացուելիք գումարներուն։
Սա անշուշտ աւելի հեռաւոր ապագայի վերաբերեալ խօսակցութիւն մըն է, իսկ մօտաւոր ապագայի դժուարութիւնները յաղթահարելու համար Գալֆաեան Տան խնամակալները կ՚ակնկալեն, որ տարեկան սիրոյ սեղանի արդիւնքին հիման վրայ, պիւտճէի բաց մնացած բաժնին պարագային յոյս դնեն Ս. Խաչ դպրեվանքի տնօրինման յանձնուած այս վերջին գումարներուն վրայ։
Միւս կողմէ, Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ներկայացուցիչները տարեկան սիրոյ սեղանի ընդառաջ այցելեցին նաեւ Գումգաբու, ուր հիւրընկալուեցան Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։