ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԹՐԻՔՈՎ ՄԸ ՄԵԾԱՐԵՑ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՍԵՐՔԱՆ ՊԱՅՐԱՄԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց երեկոյեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի երեսփոխան իրաւաբան Սերքան Պայրամը։ Ծանօթ է, որ պատգամաւորը վերջին շրջանին համբաւ կը վայելէ՝ «Ցորենի հատիկը» փաստավաւերագրական ժապաւէնով, ուր ներկայացուած է իր կեանքը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Գումգաբուի մէջ զինքը հիւրասիրեց ընթրիքի սեղանի շուրջ, ուր ներկայ էր նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։
Երեսփոխան Պայրամ ընթրիքի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր շնորհակալութիւն յայտնեց՝ սոյն ժապաւէնի ցուցադրութեան Գումգաբուի մէջ կատարուած ըլլալուն համար։ Ան նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց, որ Նորին Ամենապատուութիւնը զինքը Նոպէլեան մրցանակի թեկնածու ներկայացուցած էր։ Սերքան Պայրամ խոստացաւ հետաքրքրութեան առարկայ դարձնել երկրի ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց վերաբերեալ հարցերը։
Ճաշի աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։