ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻ 10-ԻՆ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեան տան խնամակալութեան ատենապետ Ալֆրէտ Սունան, որուն կ՚ընկերանային իր արժէքաւոր գործակիցներէն Այգ Էրքման, Սիմոն Քումրալ եւ Մասիս Ռիւստեմ, ինչպէս նաեւ Թամար Քարասու, որ միեւնոյն ժամանակ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչն է։ Յառաջիկայ դեկտեմբերի 10-ին նախատեսուած է Գալֆաեան տան տարեկան սիրոյ սեղանը։ Ծանօթ է, թէ սա մեր այն վարժարաններէն մին է, որ առաւելագոյն կարիքներու մէջ է։ Ուստի, տարեկան հանգանակութիւնը ճակատագրական նշանակութիւն ունի Գալֆաեան տան տեսակէտէ՝ մանաւանդ, որ այս տարուան պիւտճէի բացը աւելի քան 11 միլիոն լիրա կը կազմէ։

Խնամակալները դիտել տուին, որ շուրջ տարիէ մը ի վեր գործի գլուխ կը գտնուին եւ իրենց պաշտօնավարման ժամանակաշրջանին քանիցս յաւելում կրած է նուազագոյն աշխատավարձը։ Բաց աստի, հաստատութեան կալուածներուն մեծամասնութիւնը վարձուած է՝ որպէս բնակարան։ Ուստի, անոնց հասոյթի պարագային հազիւ 25 տոկոսի մակարդակով յաւելումի մը հասնիլ կարելի կ՚ըլլայ, ինչ որ շատ հեռու է սղաճի համեմատութիւնը հաւասարակշռելէ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ խնամակալութիւնը կ՚ապաւինի համայնքի օժանդակութեան։ Ատենապետ Ալֆրէտ Սունա ցաւով մատնանշեց, որ դպրոցի աշակերտութեան թիւը որոշ չափով նուազած է եւ համայնքի ունեւոր հաստատութիւնները հակուած են Գալֆաեանին համար նուազագոյն մակարդակով յատկացումներ ընելու։ «Այդ միջոցներուն բաժնուիլը մնացած է որոշ մարդոց խղճին, ատենապետներու յարաբերութիւններուն եւ հաւաքական տեսանկիւնէ չեն գնահատուիր կարիքները», ըսաւ ան երէկուան այցելութեան ընթացքին եւ աւելցուց, որ եթէ միջոցները ճիշդ ու նպատակասլաց չտնօրինուին, գումարները ճիշդ, առեւտրական մտայնութիւնով չարժեւորուին, ապա համայնքը չի կրնար գոյատեւել։ Մեր հաստատութիւնները պարտաւոր են ամուր ըլլալու եւ անոնց հզօրութիւնը երաշխաւորելու տեսակէտէ անհրաժեշտ է, որ համայնքի բոլոր միջոցները, ստացուածքը համարուի հասարակաց։ Այլապէս, նուիրատուութիւններով կարելի չէ յաղթահարել առկայ բարդ հարցերը։

Խնամակալները այս ուղղութեամբ յոյս յայտնեցին, որ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) հարթութեան վրայ մասնաւորապէս կրթական յանձնախումբի միջոցաւ առկայ խնդիրներու լուծման համար որոշ գետին մը պիտի պատրաստուի, նաեւ թափ պիտի հաւաքուի այն աշխատանքներուն համար, որոնց նպատակն է մեր վարժարաններու ուսման մակարդակը բարձրացնել։ Գալֆաեան տան ընտանիքը այնպէս կը վարուի, որ ինքզինք պարտաւորուած կը զգայ համայնքի բոլոր զաւակները գրկաբաց ընդունելու։ Խնամակալութեան այժմու կազմը դպրոցի ղեկը ստացած էր 48 աշակերտով։ Գալֆաեանը անցեալ տարի տուաւ 6 շրջանաւարտ, իսկ այս կրթական շրջանին ունի 58 աշակերտ։ Մանկապարտէզի փոքրիկներուն թիւն է 14։

Խնամակալները մասնաւորապէս շեշտեցին, որ դպրոցը կը գործէ 1800-ական թուականներուն Պալեաններուն կողմէ կառուցուած շէնքի մը մէջ, որ առաջին աստիճանի հնութեան կարգավիճակը ունի։ Յամենայնդէպս, խնամակալները շատ բծախնդիր կը վարուին դպրոցի շէնքի երկրաշարժի դէմ դիմադրունակութեան հարցին շուրջ։ Ազգային կրթութեան նախարարութեան կողմէ պահանջուած չափանիշներուն հիման վրայ, համալսարաններու հետ համագործակցութեամբ, նաեւ մեր համայնքէն «Հայճար»ի խորհուրդներուն ալ հետեւելով խնամակալութիւնը ստուգած եւ վաւերագրած է, որ դպրոցի շէնքը ամուր է եւ տոկուն՝ հաւանական երկրաշարժի մը համար։ Սա հաստատուած է նաեւ համալսարանական-գիտական տեղեկագրով մը։

Խնամակալները երէկուան զրոյցի ընթացքին մանրամասն բացատրութիւններ տուին նաեւ Գալֆաեան տան Սկիւտարի յայտնի կալուածի արժեւորման հեռանկարներուն շուրջ։ Ծանօթ է, որ դպրոցի ննջարանի համալիրը կը գտնուի ընդարձակ տարածքէ մը ներս, որ երեք հիմնական բաժինէ կը բաղկանայ։ Այսպէս, անոնցմէ մին նախատեսուած է կրթութեան համար, իսկ միւս երկու բաժինները՝ որպէս կանաչ գօտի։ Երկար տարիներէ ի վեր աշխատանք կը տարուի, որպէսզի կրթութեան համար յատկացուած այդ բաժնին կարգավիճակը փոխուի։ Արդարեւ, այժմու վիճակով կրթութեան համար նախատեսուած բաժնէն ներս ոչինչ ընել կարելի է, իսկ եթէ այդ բաժնին տրուի «մասնաւոր կրթութեան տարածք»ի կարգավիճակը, ապա բոլորովին տարբեր հորիզոն մը պիտի ուրուագծուի թէ՛ Գալֆաեանին եւ թէ մեր ամբողջ համայնքին առջեւ։ Արդարեւ, այդ պարագային հնարաւոր պիտի ըլլայ շուրջ 1500 աշակերտի տարողութեամբ կրթական համալիր մը կառուցել այդ տարածքին վրայ։ Եթէ կարգավիճակի փոփոխութիւնը ըլլայ, խնամակալութիւնը կրնայ համաձայնիլ այդ տարածքը վարձու տալ՝ մեծ կրթօճախներու ցանցի մը, որ այնտեղ կրնայ կառուցել արդիական կրթական համալիր մը։ Այդ ընթացքին վարձակալէն կրնայ պահանջուիլ նաեւ բոլորովին նոր ու արդիական դպրոցի շէնք մըն ալ կառուցել Գալֆաեանին համար։ Այսպէսով, թէ՛ Գալֆաեանը բոլորովին նոր շէնքի մը կը տիրանայ եւ թէ այդ մեծ ցանցին համար կառուցուելիք դպրոցը երկարաժամկէտ վարձակալութեան տալով՝ կրնայ մշտական հասոյթ ունենալ։ Այդ վարձակալութեան փոխարժէքը կրնայ կազմել շատ մեծ գումարներ, որոնք համայնքի ընդհանուրին համար ալ կրնան ի սպաս դրուիլ։ Այդ պարագային, դպրոցի այժմու պատմական շէնքն ալ ընկերամշակութային այլ նպատակներու համար կրնայ օգտագործուիլ։ Այս բոլորը կ՚ենթադրէ շուրջ երեք տարուան ընթացակարգային աշխատանք մը։ Այժմու խնամակալները նախկին շրջանի խնամակալներէն մանրամասն տեղեկութիւններ ստացած են այս թղթածրարին շուրջ, սակայն, իրենք տակաւին նոյն կապակցութեամբ շարժման անցնելու համար ենթագետին մը պատրաստելու ժամանակը չեն ունեցած։ Մօտաւոր անցեալին խնամակալութիւնը պարտաւորուած է վարձակալէ մը վարձած գումարները վերադարձնել, ինչ որ շատ լուրջ բեռ մը ստեղծած է։ Ալֆրէտ Սունա եւ գործակից ընկերները կը նախատեսեն յառաջիկայ շրջանին աստիճանաբար ընտելանալ այս թղթածրարին եւ ըստ այդմ կողմնորոշուիլ ապագայ քայլերու համար եւ ի վերջոյ մշակել վերջնական ծրագիր մը, որ կը խոստանայ ապագայ։

Մօտալուտ մատաղօրհնութեան ընդառաջ Գալֆաեան տան վարիչները կոչ ուղղեցին համայնքային շրջանակներուն, որպէսզի հաստատութիւնը հերթական անգամ բոլորի զօրակցութեան առարկայ դառնայ եւ դպրոցի կայունութիւնը երաշխաւորուի։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2023