ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նը 20-21 Յու­նուար թուա­կան­նե­րուն յա­ջոր­դա­կան կեր­պով տուն դար­ձաւ Բա­րե­կեն­դա­նի ա­շա­կեր­տա­կան խրախ­ճանք­նե­րու: Քա­նի որ այս տա­րի Բա­րե­կեն­դա­նը կը զու­գա­դի­պի դպրո­ցա­կան կի­սա­մեայ ար­ձա­կուր­դին, վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը յար­մար տե­սած էր Մեծ պահ­քի շրջա­նէն ա­ռաջ պատ­շաճ կեր­պով տօ­նա-խըմբել այս յա­տուկ զուար­ճու­թեան տօ­նը:

Այս­պէս՝ վար­ժա­րա­նի նա­խակր­թու­թեան ա­շա­կերտ­նե­րը 20 Յու­նուար, Չո­րեք­շաբ­թի, իսկ ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րը 21 Յու­նուար, Հինգ­շաբ­թի, մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ տօ­նե­ցին Բա­րե­կեն­դա­նը: Տե­ղի ու­նե­ցած խրախ­ճանք­նե­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան Մխի­թա­րեան վա­նա­տան ու վար­ժա­րա­նի հայ­րե­րը՝ Մագ. Հ. Սար­գիս Ծ. Վրդ. Էր­մէն, Հ. Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան, նա­խակր­թու­թեան տնօ­րէ­նու­հի Գա­թիա Վար­կը, ու­սու­ցիչ­ներ, ծնող­ներ եւ ա­շա­կերտ­ներ:

Չո­րեք­շաբ­թի, յետ­մի­ջօ­րէին, նա­խակր­թու­թեան ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց դա­սա­րա­նի ու­սուց­չու­հի­նե­րուն ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ հա­մախմ­բուե­ցան վար­ժա­րա­նին հան­դի­սաս­րա­հին մէջ, ուր ի­րենց կը սպա­սէր զուար­ճու­թեան ճոխ յայ­տա­գիր մը: Ի մէջ այ­լոց՝ հարկ է նշել, թէ տա­րազ­նե­րու, դի­մակ­նե­րու այ­լա­զա­նու­թեան եւ գե­ղեց­կու­թեան տե­սա­կէ­տէ կար­ծէք, թէ նա­խակր­թու­թեան ա­շա­կերտ­նե­րը կը մրցէին ի­րա­րու հետ: Մնա­լով հա­ւա­տա­րիմ Բա­րե­կեն­դա­նի զուարթ ո­գիին՝ տղա­քը կը պար­զէին շատ գե­ղե­ցիկ եւ գու­նա­ւոր տե­սա­րան մը: Ար­ման Քէօ­սէի մա­կա­նին ներ­քեւ զա­նա­զան խա­ղե­րով ա­նոնք փոր­ձե­ցին ի­րենց կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը այ­լա­զան ճիւ­ղե­րէ ներս: Երբ խա­ղե­րէն յոգ­նած ին­կան, ա­նոնք բո­լո­րուե­ցան Բա­րե­կեն­դա­նի սե­ղան­նե­րու շուրջ, ուր վար­ժա­րա­նի Ծնո­ղաց միու­թեան կող­մէ ի­րենց հրամ­ցուած էին հա­մեղ ու­տես­տե­ղէն­ներ եւ մա­նա­ւանդ ա­նու­շե­ղէն­ներ, չէ՞ որ ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան Մեծ պահ­քէ ա­ռաջ պայ­ման էր տե­սակ տե­սակ քաղց­րե­ղէն­նե­րով լեց­նել փո­րիկ­նե­րը:

Իսկ Հինգ­շաբ­թի, զուար­ճա­նա­լու կար­գը այս ան­գամ ման­կա­պար­տէ­զի դա­սա­րան­նե­րունն էր: Հան­դի­սու­թիւ­նը սկիզբ ա­ռաւ ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րուն տո­ղանց­քով: Գոյնզ­գոյն հան­դեր­ձա­ւո­րուած ու ծպտուած մա­նուկ­նե­րը նախ լապ­տեր­ներ ի ձե­ռին շրջե­ցան ամ­բողջ վար­ժա­րա­նը: Ա­նոնց այս գե­ղե­ցիկ տո­ղանց­քը մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն եւ հիա­ցում յա­ռաջ բե­րաւ վար­ժա­րա­նի ի­րենց մեծ եղ­բայր­նե­րուն եւ քոյ­րիկ­նե­րուն մօտ: Յե­տոյ տղա­քը մէկ­տե­ղուե­ցան վար­ժա­րա­նին հան­դի­սաս­րա­հին մէջ, ուր ա­նոնք հան­դէս ե­կան Բա­րե­կեն­դա­նի յա­տուկ եր­գե­րով եւ ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով: Ա­նոնք ալ ի­րենց բա­ժի­նը ստա­ցան Ար­ման Քէօ­սէի ե­զա­կի խա­ղե­րէն եւ հ­­նարք­նե­րէն. եր­գե­ցին, պա­րե­ցին, ցատկռ­տե­ցին եւ կր­­կին Ար­ման Քէօ­սէի մա­կա­նին ներ­քեւ կուշտ ու կուռ զուար­ճա­ցան: Ա­նոնք ալ նոյն­պէս հիւ­րա­սի­րուե­ցան Ծնո­ղաց միու­թեան կող­մէ եւ Մեծ պահ­քի քա­ռաս­նօ­րեայ շրջա­նի նա­խօ­րէին լիու­լի վա­յե­լե­ցին Բա­րե­կեն­դա­նի բա­րի կեն­դա­նու­թիւնն ու բա­րիք­նե­րը:

Շաբաթ, Յունուար 23, 2016