ՆԱԹԱԼԻ ԴԱՒԻԹԵԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի գեղարուեստից աշխատանոցին կողմէ երէկ կեանքի կոչուեցաւ թատերական ծրագիր մը։ Այսպէս, դպրոցի գեղարուեստի աշխատանոցի սաները հանդէս եկան թատերական ներկայացումով մը։ Անոնք ներկայացուցին «Կաղանդուան շոքոյլայ» անուն խաղը, որու բեմադրիչն էր Նաթալի Դաւիթեան։ Այս աշխատանոցը կը գործէ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանէն ներս։ Համայնքային զանազան վարժարաններէն սաներ կը մասնակցին այս ծրագրին։ Ամանորի շրջանին առթիւ Նաթալի Դաւիթեանի վերահսկողութեան ներքեւ անոնք պատրաստուած էին ներկայացումի մը։
Գեղարուեստի ակադեմիոյ փոքրիկները երէկ Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ կատարեցին իրենց ներկայացումը։ Նաթալի Դաւիթեան միեւնոյն ժամանակ թատրերգութեան հեղինակն էր։ Փոքրիկ դերասաններն էին՝ Ալեքս Միլտոն (Արամեան-Ունճեան վարժարան), Մելանի Սիրուն Չեթինքայա (Էսաեան վարժարան), Ալին Մենեւիշ (Էսաեան վարժարան), Ճեսիքա Սաղլամօղլու (Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարան), Տաւիտ Յովսէփեան (Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարան), Ալիք Դաւիթեան (Մխիթարեան վարժարան), Արաս Մեսրոպեան (Էսաեան վարժարան), Անտրէաս Էօրտէքօղլու (Մէրամէթճեան վարժարան), Մելիսա Աւետեան (Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարան)։
Փոքրիկ դերասանները յաջողութեամբ բեմադրեցին այս խաղը՝ արժանանալով ջերմ ծափողջոյններու։ Ներկայացման աւարտին Նաթալի Դաւիթեան հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը, որու ընթացքին ողջունեց իր սաներուն յաջողութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան վարչութեան կողմէ ցուցաբերուած հիւրընկալութեան համար։ Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, որ եւս գնահատանքի խօսք մը արտասանեց թատերախումբին ու մանաւանդ Նաթալի Դաւիթեանի համար։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024