ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆ ՊԻՏԻ ՍԱՐՔՈՒԻ Ի ՆՊԱՍՏ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի կամաւոր հոգաբարձու Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի բացատրութիւններ տուին դպրոցի այժմու վիճակին շուրջ՝ շաբաթավերջին նախատեսուած սիրոյ սեղանին ընդառաջ։ Արդարեւ, այս շաբաթավերջին Գումգաբուի Պէզճեան սրահին մէջ պիտի սարքուի «Հրանդ Տինք» վարժարանի ի նպաստ երկրորդ սիրոյ սեղանը։ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու այս փուլին կ՚ապաւինին մեր համայնքի զօրակցութեան։ Պոլսահայ համայնքը արդէն ձեւով մը մարսած է այս յատուկ առաքելութեամբ դպրոցը, որու տարած աշխատանքը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի։ Հայաստանէ արտագաղթած ընտանիքներու զաւակները ուսում կը ստանան այս դպրոցէն ներս, հակառակ իրենց կարգավիճակով պայմանաւորուած բոլոր դժուարութիւններուն։ Ուստի, այդ սերունդը չկորսնցնելու, այդ տղոց պարագային կորուստները նուազագոյն հասցնելու նպատակով թէ՛ ճակատագրական եւ թէ խորհրդանշական հաստատութիւն մըն է «Հրանդ Տինք» վարժարանը։ Մեր համայնքային շրջանակներն ալ աստիճանաբար համոզուած են այս իրականութեան եւ հետզհետէ զօրակցութեան առարկայ կը դարձնեն դպրոցը։

Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը նախախնամական դեր կը կատարէ այս դպրոցին համար՝ բազմակողմանի զոհողութիւններով։ Հորոզօղլու ամոլին շնորհիւ կայուն հունի մը մէջ մտած է դպրոցի գոյութիւնը եւ արդէն աշխատանքները յառաջ կը տարուին պայմաններու բարելաւման եւ ընդհանուր վերելքի մը առաջադրութեամբ։

Երէկուան զրոյցի ընթացքին հիւրերը կոչ ուղղեցին, որպէսզի համայնքային շրջանակները այս փուլին անտարբեր չգտնուին դպրոցին նկատմամբ եւ անպայման իրենց գուրգուրանքի ու զօրակցութեան առարկայ դարձնեն այն երեխաները, որոնք կրթութիւն կը ստանան անոր երդիքին տակ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 23, 2019