ԹՐՔԱՀԱՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՆ ՊԵՇԹԵՓԷԻ ՀԱՄԱԼԻՐԷՆ ՆԵՐՍ

Երէկ, ժամը 13.30-ին, Հանրապետութեան նախագահութեան դիւանապետներէն Հասան Տողանի հիւրընկալութեամբ՝ հայ, յոյն, ասորի եւ հրեայ համայնքներէ երիտասարդներ ընդունուեցան Պեշթեփէի համալիրէն ներս։ Սոյն հանդիպման յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ մասնակցեցան, Պատրիարքարանի «Մենթի-Մենթոր» ծրագրէն 14 երիտասարդներ՝ առաջնորդութեամբ ծրագրի վարիչներէն Մերի Թաքսի Տեւէճեանի եւ Արաս Եոլուսեւէրի։

Ընդունելութեան սկիզբին՝ բոլոր մասնակիցները նախ ծանօթացուցին ինքզինքնին, ապա արտայայտուեցան իրենց համայնքներու մասին։ Հանդիպման ընթացքին շեշտուեցաւ, թէ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններ ապագայի նկատմամբ աւելի յուսադիր են, որուն ապացոյցներէն մին կը հանդիսանայ սոյն ընդունելութիւնը։ Երիտասարդներ յայտնեցին նաեւ, թէ տարբեր համայնքներ մաս կը կազմեն երկրի մշակութային խճանկարին, որով որպէս Թուրքիոյ քաղաքացիներ բոլորին պարտականութիւն կը վիճակի երկրի յառաջդիմութեան գործին մէջ։ Շեշտուեցաւ այն կարիքը, թէ երիտասարդներ այլ ծրագիրներու կապակցութեամբ ի մի համախմբուին ու միասնական աշխատանք տանին՝ հասարակաց եզրի մը մէջ։

Հասան Տողան այս առիթով անդրադարձաւ հաղորդակցութեան առաջնահերթութեան եւ շեշտեց՝ երիտասարդութեան կարեւորութիւնը երկրի յառաջդիմութեան համար։ Տողան մաղթեց, որ նման իմաստալից հանդիպումները բազմապատկուին, որպէսզի տարբեր համայնքերու անդամ երիտասարդներ ծանօթանան իրարու ու սերտացնեն իրենց կապերը։ Ան ուրախառիթ համարեց Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեսնել համալսարանական երիտասարդ-երիտասարդուհիները։ Հանդիպման աւարտին համալսարանականները շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց ընծայուած հիւրասիրութեան համար։

Ընդունելութիւնը աւարտեցաւ ժամը 15.45-ին, ապա երիտասարդները վերադարձան Պոլիս։

Երէկուան ժողովին մասնակցեցան՝ Նորա Պաղամ, Նորտա Լազօղլու, Ժպիտ Լոյս Կեզէր, Շիլա Փաքեիւզ, Երազ Չաղլաեան, Ժանին Ազիզոֆ, Լիտիա Չուլճի, Արիս Տիգրան Նշան, Աքսել Փուլաշ, Այգ Կեզէր, Ռուտի Էքսէր, Պուրակ Թանըշման, Իւմիտ Թաշքէօփրիւ եւ Սեւակ Ուլուք։

Շաբաթ, Յունուար 23, 2021