ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Երէկ, Գարակէօզեան Տան մէջ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի առթիւ խանդավառ խրախճանք մը։ «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստական աշխատանոցէն ներս տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որու ընթացքին աշակերտները հանդէս եկան զանազան ելոյթներով։ Տղաքը պատկերացուցին հայկական աւանդական գիւղ մը՝ կատարելապէս ցոլացնելով անոր կենցաղը։ Այդ համայնապատկերին վրայ գործադրուեցաւ յայտագիրը։ Աշակերտները խմբերգներով հանդէս եկան՝ երաժշտութեան ուսուցչուհի Գարին Սուսմաքի մականին ներքեւ։ Պարեր ներկայացուեցան՝ Յակոբ-Նարօտ Կիւլէչ պարուսոյց ամոլի հսկողութեան տակ։ Արի Հերկել, Սեւան Կարապետեան եւ Էօզճան Կիւլն ալ գործադրեցին երաժշտական յայտագիր մը։
Դպրոցի տնօրէնութեան եւ ծնողաց միութեան համագործակցութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկը արձանագրեց փայլուն յաջողութիւն եւ աշակերտները արժանացան բոլորի ծափողջոյններուն։ Ներկայ էին վարժարանի փոխ-տնօրէնուհի Նարօտ Քուրուղօղլու, ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։