ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՆՇԷ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 85-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ
Այս շաբաթավերջին, Բուն Բարեկենդանին զուգահեռ Ֆէրիգիւղի Վարդանաց Դպրաց Դաս-երգչախումբը պիտի նշէ իր տարեդարձը։ Դպրաց դասու հիմնադրութեան 108-րդ եւ երգչախումբի կազմաւորման 85-րդ կրկնակ տարեդարձներուն առթիւ թաղի համանուն եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ, հովանաւորութեամբ՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Վարդանանց երգչախումբի ընտանիքէն Ալիս Շահինօղուլլարընտանն ու Էրօլ Նուպար Կիւզելտեւլեթեանը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի տեղեկացուցին, որ այս տարի երգչախումբը կը թեւակոխէ իր 85-ամեակը եւ Վարդանանցի ընտանիքը յոբելենական ծրագրի մը պատրաստութեան հետամուտ եղած է այս առթիւ։ Ըստ հիւրերուն կողմէ մեզի փոխանցուած բացատրութիւններուն, երեք կէտերէ բաղկացեալ ծրագիր մը նախատեսուած է այս յոբելեանին համար, բացի շաբաթավերջի աւանդական արարողութիւններէն։ Այսպէս, Պէշիկթաշի քաղաքապետարանի հովանաւորութեան ներքեւ, յառաջիկայ Մայիսին Վարդանանց երգչախումբը համերգով մը հանդէս պիտի գայ Ֆուլիայի գեղարուեստական կեդրոնէն ներս։ Այս ձեռնարկին ընթացքին երգչախումբը պիտի վարէ Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբի խմբավար Յովհաննէս Չեքիճեան։ Միեւնոյն ժամանակ մաէսթրոյի ծննդեան 90-ամեակը պիտի նշուի այդ ձեռնարկին ընթացքին։
Աւելի վերջ, աշնանամուտին ալ Վարդանանց երգչախումբը պիտի այցելէ Երեւան, ուր համերգով մը հանդէս պիտի գայ Օփերայի մէջ։ Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ կեանքի պիտի կոչուի այս ծրագիրը, որով դարձեալ անդրադարձ պիտի կատարուի Չեքիճեանի 90-ամեակին։
Ի լրումն այս բոլորին, յառաջիկայ Ապրիլի վերջաւորութեան յայտնի արուեստագէտ Գուրգէն Տապաղեանի կողմէ գլխաւորուած ինն նուագողներէ բաղկացեալ խումբ մը Իսթանպուլի մէջ ելոյթ մը պիտի ունենայ։ Այս ձեռնարկն ալ պիտի ձօնուի Վարդանանց երգչախումբի 85-ամեակին եւ տեղի պիտի ունենայ «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ, որ կը գործէ Շիշլիի քաղաքապետութեան մականին ներքեւ։