ՇԻՇԼԻԻ ՎՈԼԷՅՊՈԼԻ ԿԱԶՄԸ ԲԱՐՁՐԱՑԱՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ Բ. ԼԻԿԸ

Շիշլի մարզակումբի վոլէյպոլի կազմը ներկայ մրցաշրջանին կ՚արձանագրէ բացառիկ յաջողութիւններ։

Շիշլիցի աղջիկները շրջանային լիկը առաջնութեամբ աւարտելէ վերջ, աւարտական փուլին ալ արձանագրեցին իրերայաջորդ յաղթանակներ։ Ներկայ եղանակի տասնմէկ հանդիպումներէն ինն յաղթանակ ապահովեցին շիշլիցիները, որոնք իրաւունք շահեցան բարձրանալու Թուրքիոյ Բ. լիկը։ Վոլէյպոլի կազմին այս յաջողութիւնը մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ ակումբէն ներս։ Վարչութեան ատենապետ Ալէն Թէքպըչաք եւ իր ընկերները ջերմօրէն շնորհաւորեցին վոլէյպոլի կազմի այս փայլուն նուաճումը։

Ուրբաթ, Փետրուար 23, 2018