ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒԻ ՕՐԸ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ հանդէս մը տեղի ունեցաւ Մայրենի լեզուի համաշխարհային օրուան առթիւ։ Օրուան ծրագիրը պատրաստած էին ուսուցչուհիներ՝ Աննա Սարը Սեչքին, Նաժտա Տեմիրճիօղլու, Մելիսա Թուրաչ Պալչըք եւ Թամար Մանկասար։

Հանդէսին ներկայ էին դպրոցի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սէրթշիմշէք, ուսուցչական կազմը, աշակերտներ, ծնողներ եւ հիւրեր։ Տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու ելոյթին մէջ ընդգծեց մայրենի լեզուն օգտագործելու կարեւորութիւնը։ Տղաքը ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։

Մայրենի լեզուի օրուան առթիւ դպրոցի աւելի փոքր դասարաններն ալ պատրաստած էին ծրագիր մը՝ Նելլի Պասմաճեանի, Սէրլի Արապեանի, Վերա Հեմենկիւլի եւ Շիլա Սիլէլեանի հսկողութեամբ։

Շաբաթ, Փետրուար 23, 2019