ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՀՍԿՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Պոլսոյ մէջ տարիներ շարունակ գեղեցիկ աւանդութիւն եղած է, Մեծ պահոց շրջանի Արտաքսման կիրակիէն սկսեալ, կիրակնօրեայ Հսկում կատարել եւ Բանին Կենաց քարոզութեամբ հաւատացեալ ժողովուրդին հոգեւոր սնունդ մատակարարել։ Նման Արեւագալի արարողութիւններուն, այս ժամերգութիւններուն եւս կը հանդիսապետեն Պատրիարքարանի կողմէ նշանակուած վեղարաւորներ։

Ներկայիս քաղաքիս մէջ շաբաթավերջերուն կը շարունակուին քորոնա համավարակի սահմանափակումները եւ այս պատճառաւ կիրակնօրեայ հսկումները կատարել կարելի չ՚ըլլար։ Սակայն, Աթոռի տնօրինութեամբ, շաբթուան մէջ կը կատարուի Հսկման արարողութիւնը եւ հանդերձ քարոզներով կը սփռուին Պատրիարքական Աթոռի «facebook»ի եւ «Լրաբեր»ի «YouTube» էջերէն։

Հսկման արորողութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ 7 ժամերգութիւններէն վերջինն է, որ ծանօթ է «Հանգստեան ժամերգութիւն» անունով։ Վանական աւանդութենէն ծնունդ առած այս արարողութիւնը լի է սաղմոսներով ու աղօթքներով, որոնք առիթ կ՚ընծայեն, որ հաւատացեալներ օրուան տեւողութեան ընթացքին Տիրոջ շնորհած բարիքներուն համար գոհութիւն յայտնեն Աստուծոյ եւ օրհնութեամբ ու խաղաղութեամբ ննջեն։

Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, 18 փետրուար 2021, հինգշաբթի երեկոյեան, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ առաջին Հսկումը, որուն ներկայ էին Պատրիարքական Աթոռի միաբան հայրեր, քահանաներ եւ ժառանգաւոր սաներ։ Արարողութեանց երգեցողութիւնները տեղի ունեցան ներկայ հոգեւոր հայրերու կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի։

Արարողութեան տեւողութեան ընթացքին ներկայ հոգեւոր հայրեր աղօթեցին ողջերու եւ ննջեցեալներու հոգիներու խաղաղութեան համար։ Ինչպէս նաեւ ծնկաչոք երգեցին Ս. Աստուածնայ ընծայուած «Անկանիմք» շարականը, Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Ընկալ քաղցրութեամբ» աղերսանքը եւ Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքը ու մաղթեցին, որ Տէրը ընդունի մերազն ժողովուրդի համար կատարուած աղօթքները։ Արարողութեան աւարտին մեր Հոգեւոր Պետը մաղթանք վերառաքեց առ Բարձրեալն Աստուած ու փառք տուաւ Աստուծոյ պարգեւած շնորհքներուն համար եւ աղօթեց, որ Խաղաղութեան Իշխանը ողորմի աշխարհին եւ հաւատացելոց։ Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ միասնաբար արտասանուած Տէրունական աղօթքով եւ վերջին օրհնութեամբ։

Նորին Ամենապատուութեան նախագահած այս արարողութիւնը կիրակի երեկոյեան սփռուեցաւ։ Բացի ժամերգութիւններէ, սփռուեցան նաեւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի եւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի խօսած քարոզները։ Հայր սուրբն ու տէր հայրը մեկնաբանեցին Պօղոս առաքեալի Հռովմէացիներուն ուղղած նամակէն հատուածներ եւ անդրադարձան Արտաքսման կիրակիի խորհուրդին։

Հարկ է նշել, թէ բացի Հսկման արարողութիւններէ, ամէն կիրակի պիտի ներկայացուին նաեւ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասու անդամներէն շաբթուան խորհուրդին համապատասխան քարոզներ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2021